Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Նասըր, որ հիւրընկալեց Շապապը, անոր դէմ արձանագրեց 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ա. կիսախաղին տուպլէ մը իրագործեց փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ:
Ռոնալտօ, որ իր երկու կոլերն ալ նշանակեց փենալթիով (13-րդ եւ 38-րդ), կատարեց նաեւ երրորդ կոլին էսիսթը, որ կոլի վերածուեցաւ անոր խմբակից սենեկալցի Սատիօ Մանէի կողմէ (40-րդ):
Նշենք, որ նախորդ մրցումին Ռոնալտօ հանդիսացած էր հեթրիքի հեղինակ (Ֆաթըհի դէմ, 5-0):


