Ռէալ Մատրիտի եւ Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա ենթարկուեցաւ ծունկի վիրաբուժութեան:
31 տարեկան բերդապահը ֆութպոլի դաշտերը պիտի վերադառնայ յառաջիկայ ձմրան, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը:
Թիպօ Քուրթուա, որ Ռէալ Մատրիտին մաս կը կազմէ 2018-էն ի վեր, նախորդ տարեշրջանին 31 մրցումի ընթացքին իր բերդին մէջ ստացաւ 29 կոլ: