Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի յետսապահ Նայիր Տիկնիզեանով բաւական մօտէն հետաքրքրուած է «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Պայեր Լեւերքուզըն, այս մասին յայտնեց ռուսական մարզական մամուլը:
Ցարդ գերմանական ակումբը պաշտօնական առաջարկ մը չէ ներկայացուցած, սակայն կ՛ակնկալուի, որ անիկա շուտով ներկայացուի, նախքան մարզիկներուն փոխանցման աւարտը:
Վերջին շրջանին կը նշուէր, որ 24 տարեկան ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են նաեւ Վերտըր Պրեմըն, Վոլֆսպուրկ, Էմփոլի եւ Պոլոնիա:
Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստը 21-րդ դարուն առաջին յետսապահն է, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր Լիկ»-ի մրցումներուն յաջորդական չորս մրցումի ընթացքին կոլ նշանակեց: