Լոս Անճելըսի մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Լէյքըրզի եւ Քլիփըրզի ճակատումը: 19.370 համակիրներ (մեծ մասամբ` Լէյքըրզի համակիրներ), ողողած էին Քրիփթօ Արենան, ուր Լէյքըրզ առանց Լըպրոն Ճէյմսի 127-116 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Քլիփըրզէն: Քլիփըրզ Քուայ Լենըրտի գլխաւորութեամբ մրցումին սկիզբէն տիրապետեց:
Ան թրիփըլ տապըլ իրագործեց (25 կէտ, 11 ռիպաունտ, 10 էսիսթ) մինչ Ճէյմս Հարտըն` տապըլ տապըլ (23 կէտ եւ 10 էսիսթ): Փոլ Ճորճ (17 կէտ), Թերես Ման (17 կէտ), Նորմըն Փաուըլ (17 կէտ) եւ Ռասըլ Ուեսթպրուք (16 կէտ) լաւ ելոյթներ ունեցան:
Լէյքըրզի լաւագոյն մարզիկներն էին Տ՛անճելօ Ռասըլ եւ Անթոնի Տէյվիս, որոնք տապըլ տապըլ մը իրագործեցին: Ռասըլ 27 կէտ եւ 10 էսիսթ կատարեց, մինչ Տէյվիս` 26 կէտ եւ 12 ռիպաունտ:
Քլիփըրզէն կը բացակայէր Սենթըր Իվեքա Զուպաք, որ 3 մրցումէ ի վեր կը բացակայի մկանային ցաւերու պատճառով եւ տակաւին 1 ամիս հեռու կրնայ մնալ դաշտերէն:
Տենվըր Նակեթց ետ մնալէ ետք Ինտիանայի մէջ 13 կէտով, կրցաւ արդիւնքը դարձնել շնորհիւ իր սխալ սենթըր Նիքոլա Եոքիչի, որ այս տարեշրջանի իր 13-րդ թրիփըլ տապըլը իրագործեց:
Ան 31 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ կատարեց, եւ 4 փորձերէն 3-ը իրենց նպատակին հասցուց նշանակելով 3 կէտնոց կողովներ:
Ճամալ Մարի 31 կէտ աւելցուց ի նպաստ Տենվըրի, որ իր յաջորդական 3-րդ մրցումը յաղթեց:
Ինտիանա Փէյսըրզ, որուն աստղ Թայրիս Հալիպըրթըն վիրաւոր է, կրցաւ Փասքալ Սիաքամի շնորհիւ 16 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգել: Մայլզ Թըրնըր 22 կէտ եւ Թի. Ճէյ. Մըքոնըլ 17 կէտ եւ 7 էսիսթ աւելցուցին ի նպաստ Ինտիանայի:
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ անձնական մրցանիշ մը արձանագրեց` ձեռք ձգելով 153 կէտ Եութա Ճեզի դէմ մրցումին:
7 մարզիկներ փայլեցան նշանակելով 10-է աւելի կէտեր: Հերպըրթ Ճոնզ (22 կէտ), Սի. Ճէյ. Մըքոլըմ (33 կէտ), Պրենտըն Ինկրամ (18 կէտ), Զայըն Ուիլիըմսըն (17 կէտ, 11 էսիսթ), Եոնաս Վալանսիունաս (17 կէտ, 12 ռիպաունտ), Թրէյ Մըրֆի (14 կէտ), Լերի Նենս Ճունիըր (12 կէտ, 8 ռիպաունտ):
Եութայի լաւագոյն մարզիկներն էին` Քոլին Սեքսթըն (22 կէտ, 7 էսիսթ) եւ Սիմոնէ Ֆոնթեքիօ (18 կէտ):
Ստորեւ երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Տենվըր Նակեթց 109-114
Պրուքլին Նեթց – Նիւ Եորք Նիքս 103-108
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 111-109
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Եութա Ճեզ 153-124
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 127-116


