
Այսօր ժամը 20:30-ին Մանարայի դաշտին վրայ Լիբանանի աղջկանց ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանին գծով ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրը պիտի ըլլայ Ռիատիի:
Ռիատի, որ մէկ պարտութիւն ունի այս տարեշրջանին, այդ ալ այս դաշտին վրայ` անցեալ տարուան ախոյեան Պէյրութ Ֆըրսթ խումբէն, դժուար մրցակից է, բայց ինչպէս միշտ կ՛ըսենք, երբ 5 մարզիկ դաշտ իջնեն 5-ի դէմ, ուժերը հաւասար կ՛ըլլան, եւ անկարելի բան չկայ: Պայքարով ամէն ինչ կրնայ իրականանալ:
Լիբանանի ախոյեանութեան առաւելագոյն կէտեր նշանակող 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւող մարզիկները` Փաթիլ Ասատուրեան (20,4 կէտ) եւ Փերլա Պու Նասր (17,3 կէտ), կրնան կարեւոր կէտեր նշանակելով անակնկալի 2-րդ դիրքը գրաւող Ռիատին:


