Վաղը, կէսօրէ ետք ժամը 14:15-ին, Ահտի դաշտին վրայ Լեռնալիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով շատ հետաքրքրական մրցում մը տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի եւ Ռիատի Արամունի միջեւ, 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մեր տղաքը եւ Ռիատի Արամուն իրենց 4 մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած են, եւ կը սպասուի ծայր աստիճան «տաք» մրցում: Ճիշդ է, որ երկու խումբերն ալ արդէն իսկ շահած են 2-րդ հանգրուանի իրենց տոմսերը, սակայն վստահաբար տարբեր համ պիտի ունենայ այս ճակատումը:
ՀՄԸՄ-ի տղոցմէն կը սպասուի իրենց կարելին ընել յաղթելու, բայց առանց վիրաւոր ունենալու կամ քարտեր ստանալու, որոնք կրնան ազդել յաջորդ հանգրուանին վրայ:


