Երկուշաբթի գիշեր Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցաւ Իտալիոյ գերբաժակի աւարտականի մրցումը` Ինթեր Միլանի եւ Նափոլիի միջեւ:
Առաջին անգամ ըլլալով այս դրութեամբ տեղի ունեցաւ գերբաժակի մրցումը, ուր ախոյեանութեան եւ բաժակի մրցումի լաւագոյն երկու խումբերը (ախոյեան եւ փոխախոյեան) կը մրցէին: Կիսաւարտականին, Ինթեր Միլան 3-0 արդիւնքով յաղթած էր Լացիօ Ռոմային, իսկ Նափոլի նոյն արդիւնքով` Ֆիորենթինային:
Աւարտականի մրցումը եղաւ տաք, ուր Ինթեր ճնշեց գրեթէ ամբողջ մրցումին, բայց երբեմն երբեմն Ինթերի հարուածները Նափոլիի բերդին մօտէն կ՛անցնէին: Նոյնն էր պարագան Հենրիխ Մխիթարեանի զօրաւոր հարուածին, որ անցաւ Նափոլիի բերդէն քիչ մը բարձր: 90-րդ վայրկեանին, Փաւարտի փոխանցումէն օգտուելով խմբապետ Լաութարօ Մարթինես նշանակեց Ինթերի եւ մրցումի միակ կոլը: Այս բաժակը Ինթերի յաջորդական 3-րդն էր եւ մօտեցաւ Եուվէի մրցանիշին` որ Ինթերէն մէկ տիտղոս աւելի ունի (9 գերբաժակ):


