Երէկ սկսաւ Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքի քառորդ աւարտականի հանգրուանը, Մելպուռնի մէջ:
Թիւ 1 թենիսմեն սերպ Նովաք Ճոքովիչ 7-6, 4-6, 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով դուրս ձգեց ամերիկացի Թէյլըր Ֆրիցը (թիւ 12), 3 ժամ 45 վայրկեանէ ետք:
Կիսաւարտականին Ճոքովիչ իր դէմ պիտի ունենայ իտալացի Եանիք Սինըրը (թիւ 4), որ 2 ժամ 39 վայրկեանէ ետք կրցաւ յաղթել թիւ 5 դասուած ռուս թենիսմեն Անտրէ Ռուպլեւին` 6-4, 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով:
Աղջկանց քառորդ աւարտականի առաջին մրցումին, թիւ 4 թենիսվումըն Քոքկ Կաֆ (Միացեալ Նահանգներ) 7-6 (8-6), 6-7 (3-7) եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ուքրանացի Մարթա Քոսթիուքը (թիւ 37)` 3 ժամ 8 վայրկեան պայքարէ ետք:
Կաֆ կիսաւարտականին իր դէմ պիտի ունեայ Պիելոռուս թենիսվումըն Արինա Սապալենքան (թիւ 2), որ 1 ժամ 10 վայրկեանի ընթացքին բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց թիւ 11 Պարպորա Քրայչիքովայի դէմ (Չեխիա):