Իտալիոյ ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն յառաջապահներէն Ճիճի Ռիվա երկուշաբթի գիշեր մահացաւ 79 տարեկան հասակին:
Ըստ «Լա Կազեթա Տելլօ Սփորթ»-ի, Իտալիոյ ազգային խումբի պատմութեան ամէնէն շատ կոլ նշանակող նախկին մարզիկը հիւանդանոց փոխադրուած էր կիրակի օր` սրտի տագնապէ ետք:
Սկզբունքով կայուն վիճակի մէջ կը գտնուէր Ռիվա, բժշկական աղբիւրներ յայտնեցին, թէ վիճակը սպասուածին պէս չէր եւ հետզհետէ վատթարացած է:
Ռիվա, որ Քալիարիի պատմութեան հերոսներէն էր, իր ռմբային հարուածներով ծանօթ էր: Ան 1968-ին Իտալիոյ ազգային խումբին հետ շահած էր Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, իսկ 1970-ին դարձած մոնտիալի փոխախոյեան: Ան 35 կոլ նշանակած է 42 մրցումներու ընթացքին 1965-էն 1974-ի միջեւ եւ կը մնայ լաւագոյն սքորըրը «կապոյտ շապիկով»:
Ան իր ասպարէզը գրեթէ անցուցած է Քալիարիի շապիկով եւ պատմութեան մէջ առաջին եւ միակ տիտղոսը շահած է 1970-ին: Ան խումբին պատուոյ նախագահն էր մինչեւ իր մահը:


