Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տուպայի 33-րդ Միջազգային Մրցաշարք. ՀՄԸՄ – Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ` 113-86

January 23, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Տուպայի 33-րդ միջազգային մրցաշարքի 4-րդ օրն էր, եւ ՀՄԸՄ-ի տղոց համար այս օրը բաւական լաւ էր: Արդարեւ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն դէմ մրցումին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը մրցումի ազդանշանէն մինչեւ աւարտ կրցան իրենց խաղաոճը պարտադրել: Մեր տղաքը օրէ օր, մրցումէ մրցում աւելի լաւ սկսան հասկնալ իրար, մանաւանդ Զեք Լոֆթընի հետ, որ աւելի հանգիստ կը խաղայ եւ սկսած է իր նախընտրած բանբերը ընել, կամ ֆաուլ շահիլ ճեղքելէ եւ նշանակելէ ետք, կամ 3 կէտնոց կողովներ նշանակել 3 կէտ սահմանէն հեռու դիրքերէ: Զեք երէկ 7 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` ընդամէնը նշանակելով 33 կէտ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի: Մրցումին սկիզբէն Ժատ Խալիլ, Ժերար Հատիտեան, Զեք Լոֆթըն, Կերի Չիւիչեան եւ Տուէյն Ճեքսըն դաշտ ներկայացած էին եւ շատ հանգիստ ձեւով կէտեր նշանակեցին` մանաւանդ Ժատի, Ժերարի եւ Ճեքսընի շնորհիւ յաղթական աւարտելով առաջին մասը` 28-12: Երկրորդ մասին, էմիրութիւններու ազգային խումբը չնչին առաւելութիւն մը ունեցաւ, բայց մեր տղաքը պահեցին իրենց առաւելութիւնը մինչեւ կիսախաղ` 51-40:

Բ. կիսախաղին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը շարունակեցին իրենց նոյն ընթացքը եւ 30 կէտ նշանակեցին 15-ի դիմաց` աւարտելով 3-րդ մասը` 81-55: Վերջին մասին դաշտ ներկայացան մեր երիտասարդ տղաքը` Սէրուժ Աւետիսեան, Գէորգ Գէորգ, ինչպէս նաեւ Տանիէլ Պաղտատեան:

Զեքի կողքին (33 կէտ, 5 ռիպաունտ եւ 4 էսիսթ) Ժերար Հատիտեան (18 կէտ, 4 ռիպաունտ), Ճիմի Սալեմ (18 կէտ, 7 ռիպաունտ, 4 էսիսթ), Տուէյն Ճեսքըն (15 կէտ, 8 ռիպաունտ, 6 պլոք), Ժատ Խալիլ (12 կէտ), 9 ռիպաունտ, 6 էսիսթ), Էլիա Հոլմըն (8 կէտ, 4 ռիպաունտ), Կերի Չիւիչեան (4 կէտ), Գէորգ Գէորգ (3 կէտ) եւ Թանիոս Աքիքի (2 կէտ, 4 ռիպաունտ) նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի կէտերը:

ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` չորեքշաբթի, ժամը 17:15-ին, Պէյրութի դէմ, իսկ հինգշաբթի վերջին մրցումը (Բ. խմբակի գծով), Սուրիոյ Ուահտէ խումբին դէմ, նոյն ժամուն: Յաղթանակ մը եւս կրնայ ՀՄԸՄ-ի տղոց օգնել քառորդ աւարտականի տոմս մը շահիլ, բայց խումբին մասնակցութիւնը այս մրցաշարքին եւ խումբին ձեռք ձգելիք փորձառութիւնը կը նպաստեն, որ ՀՄԸՄ աւելի լաւ շարունակէ Լիբանանի ախոյեանութիւնը:

Ստորեւ` Բ. խմբակի դասաւորումը: Նշենք, որ Պէյրութ եւ Ուահտէ 2 մրցում կատարած են, իսկ մնացեալ խումբերը` 3:

1.- Սթրոնկ Կրուփ (Ֆիլիփեան կղզիներ) 6 կէտ (275-228)
2.- Ահլի Թրիփոլի (Լիպիա) 6 կէտ (268-225)
3.- ՀՄԸՄ (Լիբանան) 4 կէտ (279-283)
4.- Պէյրութ (Լիբանան) 3 կէտ (164-168)
5.- Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբ 3 կէտ (231-289)
6.- Ուահտէ (Սուրիա) 2 կէտ (154-178)

Նախորդը

Ճատրակ. Ռոպերթ Յովհաննիսեան Եւ Սուսաննա Գաբոյեան` Հայաստանի Ախոյեաններ

Յաջորդը

Քենաանի. «Քիւրտիստանի Շրջանին Մէջ Մոսատի Կեդրոնատեղիի Թիրախաւորումը Իրաքի Կամ Շրջանին Դէմ Չէր»

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Լիբանանի Երիտասարդները` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Հեծելարշաւ. Լիբանան Պրոնզ Մետալ Մը Եւս Շահեցաւ

October 12, 2026
Բռնցքամարտ.  Զաւէն Գալստեան Յաղթական
Մարզական

Բռնցքամարտ. Զաւէն Գալստեան Յաղթական

October 12, 2026
Էմ. Էմ. Էյ.  Լէոն Շահբազեան Իր Երկրորդ  Պարտութիւնը Կրեց Եու. Էֆ. Սի.-էն Ներս
Մարզական

Էմ. Էմ. Էյ. Լէոն Շահբազեան Իր Երկրորդ Պարտութիւնը Կրեց Եու. Էֆ. Սի.-էն Ներս

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.