«Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի երկու շրջաններու կիսաւարտականի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ առաջին երեք ճակատումները բաւական հաւասարակշռուած ըլլալէ ետք, երէկ Ինտիանա Փէյսըրզ, Ինտիանափոլիսի մէջ եւ աւելի քան 17 հազար համակիրներու ներկայութեան շատ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Նիւ Եորք Նիքսի դէմ` 121-89 արդիւնքով:
«Ինչ որ ըրինք` մեր գործն էր արդէն: Երբ քու դաշտիդ վրայ խաղաս, պէտք է օգտուիս այս առաւելութենէն, եւ կատարեցինք մեր գործը», ըսաւ Թայրիս Հելիպըրթըն, որ նշանակեց 20 կէտ: «Կը հասկնանք 5-րդ մրցումին կարեւորութիւնը եւ պատրաստ ենք», աւելցուց Հելիպըրթըն:
Մրցումի պահուն Ինտիանայի առաւելութիւնը 43 կէտի հասաւ, այս տարուան փլէյ օֆի մեծագոյն առաւելութիւնը:
Ինտիանա շատ լաւ խմբային խաղ մը խաղցաւ, ուր 6 մարզիկներ 10-էն աւելի կէտեր նշանակեցին: Օպի Թոփին (14 կէտ), Թի. Ճէյ. Մաքոնըլ (15 կէտ, 10 էսիսթ), Փասքալ Սիաքամ (14 կէտ), Մայլզ Թըրնըր (13 կէտ), Այզիա Ճեքսըն (10 կէտ) եւ Աարոն Նեսմիթ (8 կէտ եւ 12 ռիպաունտ) եղան Ինտիանայի աստղերը:
Նիւ Եորքէն լաւագոյն մարզիկն էր Ալեք Պըրքս (20 կէտ), մինչ Ճէյլըն Պրանսըն (18 կէտ) յաջորդական երկրորդ մրցումը ըլլալով միջակ ելոյթ ունեցաւ:
Իր դաշտին վրայ երկու մրցումներ պարտուելէ ետք, անցեալ տարուան ախոյեան Տենվըր Նակեթց յաջորդական 2-րդ մրցումը ըլլալով կրցաւ յաղթել Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզին 115-107 արդիւնքով, Մինիափոլիսի մէջ:
Նիքոլա Եոքիչ իր 35 կէտերէն 16-ը նշանակեց 4-րդ մասին, մինչ Աարոն Կորտըն իր կարգին նշանակեց 27 կէտ հաւասարեցնելով ճակատումները` 4-րդ մրցումին:
Ճամալ Մըրէյ իր 19 կէտերէն 12-ը նշանակեց 3-րդ մասին: Յիշատակելի էր կիսախաղի պազըրին պահուն նշանակած 3 կէտերը դաշտին կեդրոնը չհասած:
Մինեսոթայէն լաւագոյն մարզիկն էր Անթոնի Էտուըրտծ, որ 44 կէտ նշանակեց, բայց իր խմբակիցները բաւարար ձեւով չկրցան օգնել իրեն: Մայք Քոնլի 13 կէտ եւ 9 էսիսթ կատարեց, մինչ Քարլ-Անթոնի Թաունզ 13 կէտ եւ 12 ռիպաունտ, մինչ Ռուտի Կոպեր նշանակեց 11 կէտ եւ 14 ռիպաունտ: