Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էն. Պի. Էյ.- Տենվըր Ինքզինք Գտաւ. Տալաս Յառաջ Անցաւ

Մայիս 13, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ տարուան «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթց, առաջին երկու մրցումները կորսնցնելէ ետք իր դաշտին վրայ, կրցաւ Մինիափոլիսի մէջ յաղթել տեղւոյն Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզին:

Տենվըր զարմանալիօրէն վերագտած էր նախկին փայլքը եւ մինչեւ 34 կէտի առաւելութիւն ալ ունեցած երրորդ մասին:

Ճամալ Մարէյ իր լաւագոյն մրցումներէն մէկը ունեցաւ` 2 մրցումներ շուքի մէջ մնալէ ետք, եւ 24 կէտ նշանակեց` պարտութեան մատնելով տակաւին անյաղթ Մինեսոթան, փլէյ-օֆի մրցումներուն գծով:

Նիքոլա Եոքիչ 24 կէտ 14 ռիպաունտ եւ 9 էսիսթ կատարեց, մինչ Մայքըլ Փորթըլ Ճունիըր 21 կէտ աւելցուց ի նպաստ Տենվըրի:

Անթոնի Էտուրտծ 19 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մինեսոթային, որ հակառակ Ռուտի Կոպերի վերադարձին, բնաւ չկրցաւ մտնել մրցումի մթնոլորտին մէջ:

Քարլ-Անթոնի Թաունզ (14 կէտ) եւ Մայք Քոնլի (10 կէտ) միջակ ելոյթ մը ունեցան Մինեսոթայի հետ:

Ինտիանա Փէյսըրզ, որ Նիւ Եորքի մէջ յաջորդական 2 պարտութիւն կրած էր, կրցաւ 111-106 արդիւնքով յաղթել Ինտիանափոլիսի մէջ:

Թայրիս Հելիպըրթըն 35 կէտ եւ 7 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Ինտիանայի, մինչ Փասքալ Սիաքամ (26 կէտ) եւ Մայլզ Թըրնըր (21 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) բաւական յաջող ելոյթներ ունեցան:

Տոնթէ Տիվիչենցօ (35 կէտ) եւ Ճէյլըն Պրանսըն (26 կէտ) եղան Նիւ Եորքի լաւագոյն մարզիկները, որոնց կատարած իրագործումները սակայն բաւարար չէին:

Տալաս Մեւրիքս 105-101 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Օքլահոմա Սիթի Թանտըրը` 1-0 արդիւնքով պարտութիւնը վերածելով 2-1 յաղթանակի:

Լուքա Տոնչիչ, որ աջ ծունկի ցաւէ կը տառապի, ձախ ոտքը ցաւցուց մրցումի պահուն, ապա վերջին վայրկեանին կռնակին վրայ իյնալով կրցաւ գնդակը հասցնել Քայրի Ըրվինկին, որ իր կարգին էսիսթ ըրաւ կարեւոր կէտի մը: Քայրի Ըրվինկ, որ վերջին մրցումին շատ լաւ վիճակի մէջ չէր, ըսաւ. «Մարզիչներէս մէկը մօտեցաւ եւ ըսաւ, որ շատ ուշ կը մնամ իմ խմբակիցներէս, ուրեմն աւելի պէտք է լաւանամ»: Ըրվինկ 4-րդ մասին իր 4 փորձերն ալ կրցաւ նշանակել (2 հատ 3 կէտնոց կողով): Ըրվինկ եւ Տոնչիչ 22-ական կէտեր նշանակեցին: Տալասի առաւելագոյն կէտերը նշանակեց Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն, որ 27 կէտ նշանակեց (5 յաջող 3 կէտնոց կողովներով):

Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի լաւագոյն մարզիկն էր Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր, որ 31 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ յայտնեց, թէ պէտք է աւելի խիստ ձեւով պաշտպանել Ուաշինկթընի դէմ:

Պոսթըն Սելթիքս անակնկալ պարտութիւն մը կրելէ ետք 2-րդ ճակատումին, կրցաւ Օհայոյի մէջ 106-93 արդիւնքով պարտութեան մատնել Քլիվլենտ Քեւելիրզը եւ 2-1 արդիւնքով յառաջանալ:

Ճէյսըն Թէյթըմ (33 կէտ, 13 ռիպաունտ), Ճէյլըն Պրաուն (28 կէտ, 9 ռիպաունտ) Ճրու Հոլիտէյ (18 կէտ, 8 ռիպաունտ) եւ Տերեք Ուայթ (12 կէտ) եղան Պոսթընի հերոսները, մինչ Տոնավըն Միչել (33 կէտ) առանձին չկրցաւ օգնել Քլիվլենտին:

Նախորդը

Յայտարարութիւն. ՀՕՄ-ը «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժման Կողքին

Յաջորդը

Թայքուանտօ. Ալեակ Սարգիս Մետալ Մը Եւս Շահեցաւ

RelatedPosts

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Նափոլի – Ինթեր Միլան.  Վաղը` Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Նափոլի – Ինթեր Միլան. Վաղը` Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըմբշամարտ.    Սուրէն Աղաջանեան Պրոնզէ Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Ըմբշամարտ. Սուրէն Աղաջանեան Պրոնզէ Մետալ Նուաճեց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Էմ. Էմ. Էյ.  Ժորա Այվազեան Նաք-Աութով Յաղթեց
Մարզական

Էմ. Էմ. Էյ. Ժորա Այվազեան Նաք-Աութով Յաղթեց

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?