Լիբանանահայ Ալեակ Սարգիս, որ Սէուտական Արաբիա կը բնակի իր ընտանիքին հետ, իր ակումբին` Նասրի հետ մասնակցեցաւ Օնէյզայի մէջ (Սէուտական Արաբիա) տեղի ունեցած Սէուտական Արաբիոյ աղջկանց 3-րդ ախոյեանութեան:
Քասիմի (Օնէյզա) մէջ Թայքուանտոյի միջազգային ֆետերասիոնի կողմէ հովանաւորուած այս մրցաշարքին Ալեակ Սարգիս անհատական եւ խմբային մրցումներուն մասնակցեցաւ:
Փոմսի անհատական պատանիներու 3-րդ կարգի մրցումներուն Ալեակ Սարգիս գրաւեց 3-րդ դիրքը` շահելով պրոնզ մետալ, աւելցնելով զայն նախկին մրցաշարքերուն շահած իր մետալներու հաւաքածոյին: Կը շնորհաւորենք Ալեակն ու անոր ընտանիքը` մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ: