Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուասլ. Ռիատի Յաջորդական Երկրորդ Տարին Ըլլալով Ախոյեան

May 10, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռիատիի խումբը չորեքշաբթի գիշեր յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով կրցաւ շահիլ Ուասլ մրցաշարքը:

Ուեսթ Ասիա Սուփըր լիկը, որ տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի, անգամ մը եւս եղաւ ի նպաստ Ռիատիի, որ 100-78 արդիւնքով յաղթեց Շահրտարի Կորկանի (Իրան):

«Նուհատ Նաուֆալ» համալիրին մէջ տեղի ունեցած այս 3-րդ ճակատումին դաշտը ողողած էին լիբանանեան ակումբի համակիրները, որոնք քաջալերելով օգնեցին Ռիատիին, որ անգամ մը եւս պարտութեան մատնեց իրանեան ակումբը աւարտականին:

Առաջին ճակատումին, նոյն դաշտին վրայ, Ռիատի 95-60 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրած էր Կորկանի դէմ, սակայն 2-րդ մրցումին, Թեհրանի մէջ Ռիատի 95-85 արդիւնքով պարտուած էր: Չորեքշաբթի 3-րդ եւ վճռական մրցումին Ռիատի կրկնեց իր հանգիստ յաղթանակը (100-78)` շահելով Միջին Արեւելքի շրջանի տիտղոսը:

«Շատ հպարտ եմ: Մարզիկները շահեցան մրցումը: Լաւ պատրաստուած էինք մրցումին, բայց ի վերջոյ մարզիկները լաւ ելոյթ ցուցաբերեցին», ըսաւ Ռիատիի մարզիչ Ահմետ Ֆարրան:

Թոն Մէյքըր եւ Էլմետին Քիքանովիչ 23-ական կէտեր նշանակեցին, ուր Մէյքըր 12 ռիպաունտ ալ ձեռք ձգեց, 4 պլոք կատարեց եւ միայն 1 թըրնովըր 24 վայրկեաններու ընթացքին, ուր մասնակցեցաւ իբրեւ պահեստի մարզիկ:

Ռիատի, որ 6 կէտի առաւելութիւն ունէր, օգտուեցաւ Մէյքըրի 10 կէտերէն 2-րդ մասին, մինչեւ կիսախաղ 54-38 արդիւնքով հեռանալով Կորկանէն: Առաւելութիւնը 27-ի բարձրացաւ, երբ արդէն համակիրները տօնելու սկսած էին թրիւպիւններուն վրայ:

Ամիր Սէուտ 17 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ռիատիի, որուն հիմնական կազմէն Ուաէլ Արաքժի եւ Ճոնաթըն Սիմընզ 12-ական կէտ նշանակեցին:

«Տղաքը մրցումին ծրագիրը լաւապէս կատարելագործեցին, եւ յստակ է ատիկա թիւերով», ըսաւ Ֆարրան, որուն խումբը 50 տոկոսով նշանակեց կէտերը, 24 էսիսթներ կատարեց եւ միայն 6 թըրնովըր:

Այժմ Ռիատիի կեդրոնացումը պիտի ըլլայ Ուասլի Ասիոյ բոլոր շրջաններու Ֆայնըլ 8-ն, ուր անցեալ տարի ձախողած էր շահիլ գրաւելով 4-րդ դիրքը:

Ծոցի շրջանի ախոյեան դարձաւ Քուէյթի Քուէյթ խումբը, որ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Պահրէյնի Մանամային, որ շահած էր անցեալ տարուան Ուասլ մրցաշարքը:

Նախորդը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ֆ. Ք. Շեքքա

Յաջորդը

Պայտըն Իսրայէլի Զէնքերու Մատակարարման Համար Պայմաններ Կը Ճշդէ

RelatedPosts

Ազգերու Լիկա.  Հայաստան Լաւ Խաղցաւ, Բայց Չկրցաւ Յաղթել Կիպրոսին
Մարզական

Ազգերու Լիկա. Հայաստան Լաւ Խաղցաւ, Բայց Չկրցաւ Յաղթել Կիպրոսին

November 14, 2026
Պասքեթպոլ.  Արթուր Նազարեանի Տեսլականը` Մինչեւ 2040
Մարզական

Պասքեթպոլ. Արթուր Նազարեանի Տեսլականը` Մինչեւ 2040

November 14, 2026
Ծանրաբարձութիւն.  Ծանրաբարձութեան Հաւաքականը Կը Պատրաստուի
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Ծանրաբարձութեան Հաւաքականը Կը Պատրաստուի

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.