Օքլահոյմայի մէջ, Օքլահոմա Սիթի Թանտըր մինչեւ երէկ իր մրցակիցներուն դէմ միշտ ալ լաւ ձեւով կը պաշտպանուէր եւ 95 կէտերէ աւելի չէր ընդունած, իր փլէյ օֆի առաջին հինգ մրցումներուն:
Երէկ սակայն Տալաս Մեւրիքս ամբողջովին տարբեր ձեւով խաղցաւ եւ 9 կէտի առաւելութեամբ կրցաւ յաղթական վերադառնալ Օքլահոմայի դաշտէն (119-110):
Կրնանք ըսել, որ Տալաս կրցաւ բոլոր մասերուն ալ տիրապետել եւ պահ մը 14 կէտի ալ վերածել իր առաւելութիւնը:
Լուքա Տոնչիչ, որ առաջին մրցումին 19 կէտ նշանակած էր, երէկ կրցաւ 29 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ կատարել` հաւասարեցնելով ճակատումները 1-1:
Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն իր կարգին 29 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 11 ռիպաունտ: Ուաշինկթըն 7 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց:
Քայրի Ըրվինկ, որ լաւ ձեւով հսկուած էր, 9 կէտ եւ 11 էսիսթ կատարեց, մինչ Տալասէն փայլեցան նաեւ Թիմ Հարտըուէյ (17 կէտ), Տանիել Կաֆորտ (13 կէտ) եւ Ճոշ Կրին (11 կէտ):
Շէյ-Կիլճիըս Ալեքսանտր 33 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ կատարեց, մինչ Ճէյլըն Ուիլիամս (20 կէտ) եւ Չեթ Հոլմկրեն (11 կէտ) իրենց կարելին ըրին, բայց բաւարար չէր, որ թիւ 1 դասուած Օքլահոմա յաղթէ Տալասի:
Այժմ 2 յաջորդական մրցումներ պիտի հիւրընկալէ Տալաս Մեւրիքս իր դաշտին` Թեքսասի մէջ:
«Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն խումբը` Պոսթըն Սելթիքս, որ կը հիւրընկալէ Քլիվլենտ Քեւելիրզը իր դաշտին վրայ, անակնկալ պարտութիւն մը կրեց 24 կէտի տարբերութեամբ, որ 1991-էն ի վեր փլէյ-օֆի ամէնէն մեծ առաւելութիւնն էր:
Պոսթըն, որ առաջին մասին 9 կէտով կը յառաջանար, 11 յաջորդական կէտեր ստացաւ, երբ կը կարծէր, թէ առաջին մրցումին նման հանգիստ յաղթանակ մը պիտի արձանագրէ իր դաշտին վրայ:
Տոնավըն Միչել 29 կէտ, 8 էսիսթ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` նշանակելով 5 յաջող 3 կէտնոց կողովներ, մինչ Էվըն Մոպլի (10 ռիպաունտ) եւ Քերիս Լըվերթ 21-ական կէտեր նշանակեցին:
Պէտք է ըսել, որ այս մրցումը եղաւ Քլիվլենտի առաջին յաղթանակը այս տարուան փլէյ-օֆի գծով, ուր ան կը յաջողէր յաղթել մրցակիցի դաշտին վրայ: Քլիվլենտ նախապէս առաջին հանգրուանին 4-3 արդիւնքով յաղթած էր Օրլանտօ Մեճիքին 4-3 արդիւնքով, իր դաշտին վրայ 4 մրցումները յաղթելով: Այժմ Օհայոյի մէջ, իր դաշտին վրայ, Քլիվլենտ 19 հազարէ աւելի համակիրներով երկու յաջորդական մրցումներ ունի կատարելիք Պոսթըն Սելթիքսի դէմ:
Երէկուան մրցումին, Տերիք Ուայթ լուռ մրցում մը ունեցաւ եւ միայն 10 կէտ կրցաւ նշանակել, մինչ խմբակիցներ Ճէյսըն Թէյթըմ (25 կէտ), Ճէյլըն Պրաուն (19 կէտ) եւ Փէյթըն Փրիչըրտ (13 կէտ) աւելի լաւ էին:


