Շաբաթ գիշեր ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը պատուաբեր արդիւնքով փակեց 2023-2024 տարեշրջանի ախոյեանութիւնը, երբ Մանարայի դաշտին վրայ 98-90 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց ախոյեան Ռիատիէն:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը շատ լաւ ձեւով սկսան մրցումը եւ միշտ ալ Ռիատիէն առաջ էին եւ առաջին մասը աւարտեցին 6 կէտի առաւելութեամբ (21-27):
Զեք Լոֆթըն 12 կէտ նշանակեց այս մասին, նոյն պահուն ֆաուլերու առումով ուշադիր խաղալով Ժատ Խալիլ միայն 2 ֆաուլ կատարեց մինչեւ 2-րդ մաս:
Երկրորդ մասին սակայն, մեր տղաքը քիչ մը կորսնցուցին իրենց կեդրոնացումը, ուր Ռիատի կրցաւ ոչ միայն հասնիլ, այլեւ անցաւ ՀՄԸՄ-ին առաջին 4 վայրկեաններուն:
ՀՄԸՄ մինչւ կիսախաղ միայն 17 կէտ կրցաւ նշանակել (2-րդ մասին միայն), մինչ Ռիատի 32 կէտ կրցաւ նշանակել, նոյն պահուն, երբ իրաւարարներն ալ համակիրներու ճնշումին տակ անտեղի ֆաուլեր սուլեցին մանաւանդ Զեք Լոֆթընի վրայ, երբ մրցակիցը զինք «տաքցուց» եւ հրելէ ետք ինք իյնալով Զեքը յանցաւոր նկատուեցաւ: Աւելի ուշ նոյնիսկ Ճամալ Ճոնզ, որ համեմատաբար հանդարտ մարզիկ մըն է, անտեղի թեքնիքըլ-ֆաուլ ստացաւ անիմաստ պատճառներով:
Յամենայն դէպս, առաջին անգամ ըլլալով այս կիսաւարտականի (ֆայնըլ 4) մրցումներուն ՀՄԸՄ կը մասնակցէր 8 մարզիկներով, ուր դաշտ ներկայացաւ նաեւ Թանիոս Աքիքի, Ճիմի Սալեմի կողքին եւ Տուէյն Ճեքսընի հետ, որ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր:
Կիսախաղին 9 կէտի առաւելութիւն ունեցող Ռիատի (53-44) նեղի մատնուեցաւ 3-րդ մասին եւ ՀՄԸՄ հաւասարեցուց մօտ 5 վայրկեան ետք (58-58): Բայց մինչեւ այս մասի աւարտը Ռիատի չնչին առաւելութիւն մը պահեց ՀՄԸՄ-ի վրայ (73-70):
4-րդ մասը չսկսած Զեք Լոֆթըն 25 կէտ նշանակած էր, մինչ Ճամալ Ճոնզ (16 կէտ) եւ խմբապետ Ժերար Հատիտեան (11 կէտ) կտրած էին 10 կէտի սահմանը:
4-րդ եւ վերջին մասին, մրցումը ծայր աստիճան հետաքրքրական դարձաւ, ուր Ռիատի կը փախցնէր առիթ մը, ՀՄԸՄ իր կարգին… ՀՄԸՄ կը նշանակէր, Ռիատի կը նշանակէր… արդիւնք` 73-72, 85-84, 89-88 եւ 92-90 վերջին վայրկեանին: Այստեղ ՀՄԸՄ կորսնցուց իր խմբապետ Հատիտեանը, որ 5-րդ ֆաուլը կատարեց, մինչ ՀՄԸՄ ֆաուլի կը դիմէր ժամացոյցը կեցնելու, վերստին գնդակին տիրանալու նպատակով, բայց մրցումը աւարտեցաւ 98-90 արդիւնքով, երբ Ռիատի նշանակեց իր ազատ հարուածները, մինչ ՀՄԸՄ չկրցաւ փոխադարձել:
Մրցումի աւարտին, Զեք Լոֆթըն 36 վայրկեան մասնակցելով նշանակեց 27 կէտ, ձեռք ձգելով 7 ռիպաունտ, խմբապետ Ժերար Հատիտեան 19 կէտ նշանակեց 39 վայրկեաններու ընթացքին` ձեռք ձգելով 12 ռիպաունտ, Ճամալ Ճոնզ 36 վայրկեան խաղցաւ նշանակելով 19 կէտ, մինչ Կապրիէլ Աճէմեան 24 վայրկեան մասնակցեցաւ` նշանակելով 11 կէտ եւ ձեռք ձգելով 3 սթիլ: Ժատ Խալիլ 37 վայրկեաններու ընթացքին նշանակեց 8 կէտ եւ կատարեց 9 էսիսթ եւ ձեռք ձգեց 3 սթիլ:
Ճիմի Սալեմ 14 վայրկեան մասնակցեցաւ եւ նշանակեց 4 կէտ եւ ձեռք ձգեց 5 ռիպաունտ, մինչ Տուէյն Ճեքսըն միայն 6 վայրկեան խաղցաւ եւ նշանակեց 2 կէտ:
Ռիատիի լաւագոյն մարզիկն էր Ճոնաթըն Սիմընզ, որ նշանակեց 24 կէտ, Իսմայիլ Ահետ, որ այս ամառ 48 տարեկանը կը բոլորէ, 14 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Հետաքրքրական էր Զեք Լոֆթընի կիսաւարտականի մակարդակը, ուր ան Մանարայի մէջ 2 խաղերուն ալ նշանակեց 27 կէտ, իսկ 2-րդ ճակատումին Մըզհերի մէջ` 26 կէտ:
Յառաջիկայ տարեշրջանի պատրաստութիւնները պէտք է սկսին այսօր իսկ` նկատի ունենալով, որ բազմաթիւ խումբեր Պէյրութի կամ Շանվիլի նման նիւթական առումով պատրաստ են եւ կրնան դիւրութեամբ ձեռք ձգել մեր մարզիկները:
Նշենք, որ միւս կիսաւարտականին, Սաժես 3-1 արդիւնքով կրցաւ պարտութեան մատնել Պէյրութը եւ հասաւ աւարտականին:
Վաղը կը սկսին աւարտականի ճակատումները, ուր Ռիատի Մանարայի դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Սաժեսը ժամը 21:45-ին: Չորեքշաբթի տեղի կ՛ունենայ 2-րդ ճակատումը` Ղազիրի դաշտին վրայ:
Այն խումբը, որ 4 յաղթանակ կ՛արձանագրէ, կը դառնայ Լիբանանի ախոյեան: