Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եուրոփա Լիկ» Պայեր Լեւերքուզըն Կ՛ուզէ Շահիլ Երեք Տիտղոս

May 11, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն, որ իր սպանացի մարզիչ Չապի Ալոնսոյի հետ պատմութիւն կը կերտէ, կը ցանկայ երկու տիտղոս եւս շահիլ այս տարեշրջանին իրագործելով թրիպըլ մը:

Արդարեւ, հինգշաբթի գիշեր, Պայեր Լեւերքուզըն «Եուրոփա լիկ»-ի կիսաւարտականի դարձի մրցումին անգամ մը եւս դրական արդիւնք մը արձանագրելով հասաւ աւարտականին, որուն ընթացքին պիտի մրցի Իտալիոյ Աթալանթա ակումբին դէմ:

Հինգշաբթի օր Լեւերքուզըն եւրոպական նոր մրրանիշ ձեռք ձգեց 49 մրցումներ անյաղթ մնալով, բարելաւելով Պենֆիքայի մրցանիշը (48 մրցում): Սակայն Լեւերքուզընի մրցումները դիւրին չեն կատարուիր, եւ մօտ 10-12 մրցումներ վճռուեցան 90-րդ վայրկեանէն ետք:

Նոյնն էր պարագան հինգշաբթի գիշեր Ա. Էս. Ռոմայի դէմ մրցումին: Երթին, Հռոմի մէջ Պայեր Լեւերքուզըն 2-0 արդիւնքով յաղթած էր, եւ կը կարծուէր, թէ իտալական խումբը Գերմանիա պիտի ներկայանայ «պարտականութեան համար»:

Ռոմա անակնկալի բերաւ Լեւերքուզընը իր լաւ պաշտպանողական գիծով եւ վտանգաւոր հակայարձակումներով: 43-րդ վայրկեանին Լեանտրօ Փարետես փենալթիով նշանակեց Ռոմայի կոլը: 2-րդ կիսախաղին փենալթի մը եւս 66-րդ վայրկեանին, եւ Ռոմա կը մնար անդրդրուելի, մինչ Լեւերքուզընի համակիրները ջիղերու վրայ կը դիտէին մրցումը: Երկու մրցումներու հաշիւով արդիւնքը հաւասար էր, բայց Լեւերքուզըն կարծէք պիտի պարտուէր 48 մրցումներէ ետք… 8-րդ վայրկեանին քոռնըր մը ի նպաստ Լեւերքուզընի, որ սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց Ճիանլուքա Մանչինի (Ռոմայի աջ յետսապահ):

2-1 արդիւնքով պարտուած Լեւերքուզըն ճիշդ է, որ այս արդիւնքով կը հասնէր աւարտական, բայց մարզիկները սաստկացուցին յարձակումները, մանաւանդ 89-րդ վայրկեանի փոփոխութիւններէն ետք, ուր դաշտ ներկայացաւ Պայերն Միւնիխէն փոխ եկած Եոսիփ Սթանիշիչ, որ 7 վայրկեան ետք նշանակեց Լեւերքուզընի հաւասարութեան կոլը ձախ ոտքի հարուածով:

24 տարեկան խրուաթ Սթանիշիչ կրցաւ պարտութեան մատնել Ռոմայի սերպ բերդապահ Միլէ Սվիլարը, որ մրցումին աստղն էր եւ բազմիցս զսպեց իր բերդը ստոյգ առիթներէ:

Այսպիսով, Լեւերքուզըն մնաց անպարտելի 49 մրցումներէ ետք, եւ այժմ Եուրոփա լիկի աւարտականին պիտի մրցի Աթալանթայի դէմ 22 մայիսին Տապլինի մէջ: Աթալանթա 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Ֆրանսայի Մարսէյը:

Պայեր Լեւերքուզըն 25 մայիսին Պերլինի մէջ պիտի մրցի Քայզըրսլաութըրնի դէմ, որ Բ. դասակարգի 14-րդ դիրքը կը գրաւէ, Գերմանիոյ բաժակի մրցաշարքի աւարտականին:

Ինչպէս նշեցինք 22 մայիսին «Եուրոփա լիկ»-ի աւարտականին ալ յաղթելու պարագային Լեւերքուզըն իրագործած ըլլայ թրիպըլ մը` 3 տիտղոսներ շահելով տարեշրջանի մը ընթացքին:

Նախորդը

Նշմար. Մղձաւանջը Վե՛րջ Պիտի Գտնէ (Կամ` Նոր Արշալոյսի Մը Ոտնաձայները)

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Տոնչիչ Եւ Ընկերներ Յաղթեցին Օքլահոմայի Մէջ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75

November 2, 2026
Քարաթէ.  Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ

November 2, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.