Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Կարէն Գիլոյեան երէկ յայտնեց, որ Երեւան 2027-ի ԱՊՀ-ի մարզական խաղերը չի կրնար հիւրընկալել մրցաշարքերու խիտ ժամանակացոյցի պատճառով:
ԱՊՀ-ի ֆիզիքական մշակոյթի եւ մարզական խորհուրդը Երեւանին առաջարկած է 2027-ին հիւրընկալել ԱՊՀ-ի խաղերը, սակայն, ըստ Գիլոյեանի, Հայաստան 2027-ին շարք մը մարզական խոշոր միջոցառումներ կատարելու նպատակ ունի, մասնաւորապէս հիւրընկալելու ֆրանսախօս երկիրներու մարզական խաղերը, Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը, ծանր աթլեթիզմի աշխարհի ախոյեանութիւնը, ինչպէս նաեւ Համահայկական խաղերը:
Ան աւելցուց, որ Երեւան պատրաստ է քննարկելու այս խաղերը 2029-ին հիւրընկալելու կարելիութիւնը:


