Այսօր, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. խմբակի մրցումներուն գծով, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ժամը 21:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Սփորթինկ Պքաննայան:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով ներկայ ըլլալ դաշտ` քաջալերելու մեր աղջկանց խումբը, որ նախապէս շահած էր Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնը, բայց նախընտրած էր մնալ Բ. դասակարգ:
Նշենք, որ Սփորթինկ Պքաննայայի կողքին, խմբակին մաս կը կազմեն նաեւ Թրիփոլիի Մութթահետը եւ Պէյրութի Աուֆիաա Ռիատին:


