Ռուսիոյ Սամարա քաղաքին մէջ, Հայաստանի պատանիներու ազգային խումբը մասնակցեցաւ միջազգային մրցաշարքի մը եւ նուաճեց 7 մետալներ:
55 քկ կշիռի ախոյեան դարձաւ Եուրիկ Մխիթարեան, 60 քկ կշիռի ախոյեան` Ալեքս Մարգարեան, ինչպէս նաեւ 71 քկ կշիռի ախոյեան` Սամուէլ Տէրտէրեան:
Ոսկի մետալներու կողքին արծաթէ մետալներ շահեցան 45 քկ կշիռի Մարատ Աճէմեան, 48 քկ կշիռի Անդրանիկ Խաչատրեան եւ 65 քկ կշիռի Նարեկ Գրիգորեան:
Պրոնզ մետալ շահեցաւ Դաւիթ Յովհաննէսեան (110 քկ կշիռի մրցումին):


