Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.». Պոսթըն – Ինտիանա 126-100

May 25, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճէյլըն Պրաուն երէկ եղաւ իր խումբին` Պոսթըն Սելթիքսի հերոսը, երբ 40 կէտ նշանակելով իր խումբը առաջնորդեց 2-րդ յաջորդական յաղթանակին` Ինտիանա Փէյսըրզի դէմ, Պոսթընի Թի. Տի Կարտընի մէջ:

Արդարեւ, Պրաուն հաւասարեցաւ նախկին փլէյ օֆի մրցումի նշանակած իր առաւելագոյն կէտերու թիւին (40), մինչ մարզիչ Ճօ Մազուլլա իր հասցէին գովաբանական խօսքեր կ՛ուղղէր. «Կարծեմ իր լրջութիւնը զինք կ՛ուղղէ եւ ուժ կու տայ իրեն: Ան կը հասկնայ, որ շահիլը ամէնէն կարեւոր բանն է: Ճիշդ բաներով կը զբաղի միայն»:

2 օր առաջ իր 3 կէտերը փրկած էին Պոսթընը պարտութենէ եւ մրցումը տարած օվըրթայմի, մինչ օր մը առաջ ան դուրս մնացած էր «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն 15 մարզիկներու ցանկէն. Պրաուն երէկ 10 կէտեր նշանակեց, երբ իր խումբը 20-0 յաջորդական կէտեր նշանակեց մրցումի երկրորդ մասին, ուր Պոսթըն ետ կը մնար 6 կէտերով:

Երբ Պրաունին հարցուցին, թէ ի՞նչ է իր կարծիքը լաւագոյն 15-ին մէջ չըլլալուն գծով, ան պատասխանեց. «Երկու մրցումներ ունինք տակաւին յաղթելիք` հասնելու աւարտական: Ժամանակ չունիմ ուրիշ բանի մասին մտածելու»:

Ճէյսըն Թէյթըմ եւ Տերիք Ուայթ 23-ական կէտեր նշանակեցին, մինչ Ճրու Հոլիտէյ 15 կէտ եւ 10 էսիսթ ձեռք ձգեց յօգուտ թիւ 1 դասուած Պոսթընի, որ իր նախկին 2 փլէյ օֆի ճակատումներուն պարտութիւններ կրած էր 2-րդ մրցումներուն իր դաշտին վրայ:

Միւս կողմէ, Փասքալ Սիաքամ 28 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ինտիանայի, որ այժմ կ՛ուղղուի 2 յաջորդական մրցումներ կատարելու իր դաշտին վրայ, ուր անոնք 11 յաջորդական մրցումներ շահած են, 6 հատը` փլէյ օֆի գծով (18 մարտէն):

Թայրիս Հելիպըրթըն, որ 25 կէտ նշանակած եւ 10 էսիսթ կատարած էր առաջին մրցումին, 10 կէտ նշանակեց երէկ եւ 8 էսիսթ կատարեց, ապա մրցումի 3-րդ մասին լքեց զայն ձախ ոտքի ցաւի պատճառով: Մարզիչ Ռիք Քարլայլ յայտնեց, որ անցեալի ցաւը երեւան ելած է ըստ երեւոյթին: Ան անցեալ յունուարին 10 մրցումներէ բացակայած էր ձախ ոտքի ցաւէ տառապելուն պատճառով:

 

Նախորդը

Եուրօ 2024. Փորթուգալի Եւ Իտալիոյ Ազգային Խումբերու Մարզիկները

Յաջորդը

Ֆորմիւլա 1. Այս Շաբաթավերջին` Մոնաքոյի Կրան Փրին

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.