Ռէալ Մատրիտի գերմանացի պատմական միջնապահներէն Թոնի Քրուս որոշեց լքել ֆութպոլը` յառաջիկայ ամիս Եուրօ 2024-ի մրցաշարքի աւարտին:
Սկզբնական աղբիւրներ յայտնած էին, թէ մայիսի սկիզբները Քրուս երկարաձգումի համաձայնութիւն պիտի կնքէ, բայց, ըստ երեւոյթին, Քրուս իր որոշումը լաւ ուսումնասիրած է եւ երկար ժամանակէ ի վեր:
Քրուս իր որոշումը հաստատեց «Ինսթակրամ»-ի վրայ գրելով. «17 յուլիս 2014- Ռէալ Մատրիտի մօտ ներկայացած օրս, օր մը, որ կեանքս փոխեց: Ֆութպոլիստի կեանքս եւ իմ անձնական կեանքս ալ: Նոր ժամանակաշրջան էր աշխարհի մեծագոյն ակումբին հետ: 10 տարի ետք, այս ժամանակաշրջանը կ՛աւարտի: Չեմ կրնար մոռնալ այդ յաջողութեամբ հարուստ ժամանակաշրջանը: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք բաց սրտով ընդունեցին զիս եւ վստահեցան ինծի: Բայց մասնաւորապէս կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Մատրիտի համակիրներուն, որոնք սէր յայտնեցին առաջին օրէն մինչեւ վերջին օրը: Միեւնոյն ժամանակ որոշումս կը նշանակէ, թէ իմ ասպարէզս իբրեւ ֆութպոլիստ վերջ կը գտնէ այս ամառ, Եւրոպայի ախոյեանութենէն ետք: Ինչպէս միշտ ըսի, Ռէալ Մատրիտ իմ վերջին ակումբս է եւ պիտի մնայ: Ուրախ եւ հպարտ եմ, որ մտքիս մէջ ճիշդ ժամանակը գտայ որոշում տալու իմ անձնական նախաձեռնութեամբս: Իմ ծրագիրս էր միշտ լաւ վիճակի մէջ ձգել ֆութպոլը: Այժմէն մէկ բան կայ մտքիս մէջ… Շահիլ 15-րդ տիտղոսը` հալա Մատրիտ, եւ ոչ մէկ բառ աւելի», գրեց Քրուս:
Քրուս 21 տիտղոսներ շահած է Ռէալ Մատրիտի հետ, վերջինիս միանալէ ետք Պայերն Միւնիխէն 2014-ին, ներառեալ 4 «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոս եւ 4 «Լա Լիկա»-ի ախոյեանութիւն:
Ան վերջին առիթ մը պիտի ունենայ «Չեմփիընզ լիկ» մըն ալ շահելու 1 յունիսին, երբ Ռէալ պիտի մրցի Տորթմունտի դէմ: Ասիկա պիտի ըլլայ Զրուսի վերջին մրցումը` Ռէալի շապիկով:
Քրուս Ռէալ Մատրիտի պատմութեան լաւագոյն մարզիկներէն մէկն է, նշանակած է 28 կոլեր եւ կատարած 98 էսիսթներ` 463 մրցումներու ընթացքին: 34 տարեկան միջնապահը միջազգային յաջողութիւն ալ գտաւ երբ 2014-ին դարձաւ աշխարհի ախոյեան, եւ յոյս ունի ասպարէզը աւարտել անգամ մը եւս բաժակ մը շահելով Գերմանիոյ հետ «Եուրօ 2024»-ին:
Անցեալ փետրուարին, երբ մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիին հարցուցին, թէ արդեօք Քրուս կ՛աւարտէ՞ իր ասպարէզը այս ամառ, Անչելոթթի յայտնած էր. «Եթէ լքէ, զարմանալի ուժ մը պէտք է ունենայ այդ մէկը կատարելու»:
«Եթէ Ռէալը ձգեմ, ֆութպոլը կը լքեմ: Մատրիտէն` երկինք, ինչպէս կ՛ըսեն: Արժէքդ գիտցիր, ոչ գինդ», ըսաւ Քրուս:
Երբ Ռէալ Մատրիտ Սպանիոյ գերբաժակը շահեցաւ (Սէուտական Արաբիոյ մէջ), տեղացի համակիրներ կը սուլէին իբրեւ բողոք` Քրուսի դէմ: Քրուս մրցումէն առաջ յայտնած էր, թէ կը ցաւի եւ յուսախաբ է, որ Կապրի Վէյկա Սէուտական Արաբիոյ մէջ ֆութպոլ կը խաղայ, բան մը, որ կատղեցուցած էր սէուտցի համակիրները:
Մրցումէն ետք, Քրուս, ինչպէս միշտ, հանդարտ ձեւով պատասխանած էր. «Հաճելի օր մըն էր այսօր, համակիրներն ալ շատ իւրայատուկ»:
Ասպարէզի աւարտն ալ իրեն նման էր եւ իր խաղաոճին նման: Ոչ լոյս, ոչ պայթուցիկ: Ինչ լաւ ձեւ է հեռանալու, ինչպէս միշտ կ՛ուզէր. «Ուրախ եմ, որ մեծ թիւով մարդիկ կ՛ուզեն, որ տարի մը եւս խաղամ: Շատ աւելի լաւ է միւս երեւոյթէն, երբ ըսեն` «հաճիս թող լքէ ֆութպոլը»:
Անցեալ փետրուարին Քրուս արդէն ըսած էր. «Մարդիկ կը կարծեն, թէ քանի մը տարի եւս կրնամ խաղալ, թերեւս ալ այդպէս է: Բայց չեմ ուզեր հասնիլ այդ կէտին, երբ մարդիկ ըսեն` «Փֆֆֆ… ինչո՞ւ տակաւին կը խաղայ»: Այդ պատճառով ալ լաւ որոշումը պէտք է ճիշդ ժամանակին տալ:


