Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Դժուարութեամբ Յաղթեց Ինտիանային

May 23, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ սկսան «Էն. Պի. Էյ.»-ի Արեւելեան շրջանի ճակատումները, Պոսթընի մէջ: Արդարեւ, թիւ 1 դասուած Պոսթըն Սելթիքս հիւրընկալեց առաջին մրցումը եւ պէտք ունեցաւ Ճէյըն Պրաունի 3 կէտնոց կողովին, որպսէզի պարտադրէ երկարաձգում: Արդարեւ, Ինտիանա, որ 13 հատ յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց մրցումին, 114-117 արդիւնքով կը յաղթէր, երբ մրցումի աւարտէն 6 երկվայրկեան առաջ Պրաուն 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց եւ արդիւնքը դարձուց 117-117:

Երկարաձգումին, Ճէյսըն Թէյթըմ նշանակեց Պոսթընի 16 կէտերէն 10-ն` օգնելով Պոսթընին, որ առաջին մրցումին յաղթէ 133-128 արդիւնքով:

Թէյթըմ իր 36 կէտերուն կողքին ձեռք ձգեց նաեւ 12 ռիպաունտ: Ճրու Հոլիտէյ 48 վայրկեան մասնակցեցաւ եւ նշանակեց 28 կէտ` կատարելով 8 էսիսթ ալ: Ճէյլըն Պրաուն նշանակեց 26 կէտ եւ ձեռք ձգեց 7 ռիպաունտ: Տերիք Ուայթ 15 կէտ եւ 9 էսիսթ կատարեց, մինչ սենթըր Ալ Հորֆըրտ 15 կէտ աւելցուց ի նպաստ Պոսթընի:

Ինտիանայի լաւագոյն մարզիկներն էին Օլ Սթար Թայրիս Հելիպըրթըն, որ 25 կէտ եւ 10 էսիսթ կատարեց` նշանակելով 6 յաջող 3 կէտնոց կողովներ, մինչ Փասքալ Սիաքամ 24 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, իսկ Մայլզ Թըրնըր` 23 կէտ եւ 10 ռիպաունտ, նշանակելով իր 4 փորձերէն 3 յաջող 3 կէտնոց կողովներ: Օպի Թոփին (15 կէտ), Աարոն Նեւմեթ (14 կէտ), Թի. Ճէյ. Մաքոնըլ (13 կէտ) եւ Էնտրու Նեմպհարտ (12 կէտ) լաւ ելոյթներ ունեցան ի նպաստ Փէյսըրզի:

Այսօր գիշեր կը սկսին Արեւմտեան շրջանի աւարտականի ճակատումները, ուր Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ կը հիւրընկալէ Տալաս Մեւրիքսը:

Մինեսոթա, որ 3-րդ դասուած է, իր դէմ ունի 5-րդ դասուած Տալասը:

Մինեսոթա 20 տարի սպասեց հասնելու այս հանգրուանին, մինչ Տալաս 2 տարի առաջ հասած էր հոս, բայց պարտուած էր ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն` 4-1 արդիւնքով:

Թիմպըրվուլվզ եւ Մեւրիքս կրնան 7 մրցումներ խաղալ իրար դէմ այս զուտ ֆիզիքական ճակատումին, ուր երկու խումբերն ալ տաղանդաւոր մարզիկներ ունին եւ լաւ պաշտպաններ իրար «անշարժ» դարձնելու: Թէ ո՛վ պիտի ըլլայ կամ կրնայ ըլլալ վերջնական յաղթականը, անիկա պիտի ըլլայ դաշտին վրայ աւելի բախտաւոր եւ առիթը օգտագործող խումբը:

Մէկ կողմէ, Անթոնի Էտուըրտծ, Քարլ-Անթոնի Թաունզ, Ռուտի Կոպեր եւ Ճէյտըն Մաքտանիելզ, միւս կողմէ Լուքա Տոնչիչ, Քայրի Ըրվինկ, Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն եւ Տերիք Ճոնզ… Դաշտին վրայ կը յստականայ, թէ ո՛վ աւելի կրնայ պարտադրել իր ուժը եւ խաղաոճը:

Նախորդը

Քարլ-Հայնց Շնելինկըր Ոչ Եւս Է

Յաջորդը

Ըմբշամարտ. Պատանի Ըմբիշները 7 Մետալ Ձեռք Ձգեցին Ռուսիոյ Մէջ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.