Վաղը յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Մոնաքոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ այս տարուան 8-րդ կրան փրին:
Մոնաքոյի կրան փրին, որ տեղի կ՛ունենայ իշխանապետութեան ճամբաներուն վրայ, կը բաղկանայ 78 շրջաններէ եւ կը նկատուի ամէնէն կարճ եւ դանդաղ շրջավազքը 24 կրան փրիներու տարեցոյցին վրայ:
Շրջավազքի միայն 34 առ հարիւր տոկոսը ինքնաշարժները իրենց բնական արագութեամբ կրնան քալել, մինչ 6-րդ դարձուածքը կրան փրիներու ամէնէն դանդաղն է 45 քմ ժամական արագութեամբ:
Ասիկա 70-րդ կրան փրին է ախոյեանութեան պատմութեան գծով եւ 81-րդը, որ տեղի կ՛ունենայ հոն 1929-էն ի վեր:
Այրթոն Սեննա կը կրէ այս կրան փրիի մրցանիշը` շահելով 6 անգամ, 5 անգամը յաջորդական ձեւով` 1989-էն 1993:
Անցեալ տարուան փոլ փոզիշընը շահած էր Մաքս Վերշթափըն (Ռետ Պուլ), որ մրցումն ալ շահած էր օր մը ետք:
1950-էն ի վեր միայն 10 անգամ կրցած է շահիլ վարորդ մը, որ 3-րդ դիրքէն աւելի ետեւէն սկսած է մրցումը:
Վաղը Մոնաքոյի 5 նախկին ախոյեաններ պիտի մասնակցին: Ֆեռնանտօ Ալոնսօ (2006, 2007), Լուիս Համիլթըն (2008, 2016, 2019), Մաքս Վերշթափըն (2021, 2023), Սերխիօ Փերես (2022) եւ Տանիէլ Ռիքիարտօ (2018):
Ֆեռարիի վարորդ Շարլ Լըքլեր պիտի փորձէ դառնալ առաջին անձը, որ Մոնաքոյի քաղաքացիութիւն ունի եւ կը դառնայ ախոյեան:


