Գոռ Խաչատրեան եւ Գոհար Յարութիւնեան վազող թիրախ խառն ձեւի մրցումներու ոսկի մետալը շահեցան Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Փլզենի մէջ (Չեխիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի նշանառութեան ախոյեանութեան մրցումներուն, Խաչատրեան-Յարութիւնեան զոյգը 378 կէտ հաւաքելով հասած էր կիսաւարտական:
Կիսաւարտականին (7-5) եւ աւարտականին (6-4) յաղթանակներ տօնելէ ետք, հայրենի հրաձիգները, 5-րդ ոսկի մետալը ձեռք ձգեցին ախոյեանութեան այս մրցումներուն:


