Վերջերս լուրեր շրջան կ՛ընէին, թէ Մանչեսթըր Սիթիի միջնապահ Ռոտրի կրնայ տեղափոխուիլ Ռէալ Մատրիտ:
Բրիտանական շարք մը կայքեր կը հաստատեն, որ Սիթի յառաջիկայ ամրան նպատակ չունի բաժնուելու Ռոտրիէն: Կը նշուի, որ Սիթի պատրաստ կ՛ըլլայ սպանացին «ծախել» միայն 2026-ին, երբ պայմանագիրին 1 տարի մնացած կ՛ըլլայ, եւ ան պայմանագրութիւնը երկարաձգած չ՛ըլլար:
Կը հաղորդուի, թէ մատրիտեան կազմը շատ լաւ տեղեակ է վիճակէն եւ արդէն իսկ սկսած է փնտռել այլ ընտանիքի տարբերակներ, որոնց կարգին է Միւնիխի Պայերնի Եոշուա Քիմիչը: