Լեհաստանի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փոկոն հիւրընկալեց Սլասք Վրոքլաւը եւ 5-3 արդիւնքով յաղթեց:
Հայաստանի ազգային խումբի ծայրի յառաջապահ Վահան Պիչաքչեան Փոկոնի առաջին երկու կոլերուն փոխանցումները կատարեց եւ մեծ դեր ունեցաւ Փոկոնի յառաջխաղացքին մէջ:
Փոկոն, որ իր դաշտին վրայ ամբողջական կէտեր շահած է, կը գրաւէ 4-րդ դիրքը` 3 կէտով ետ մնալով լեխ Փոցնան խումբէն, որ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը: