Պարսելոնայի մարզական տնօրէն Տեքօ կը փորձէ արագացնել Ֆրենքի Տը Եոնկի «վաճառքը» ըստ «Սփորթ» կայքին:
Պարսա անպայման քանի մը մարզիկներ պէտք է «ծախէ», որպէսզի քիչ մը աւելի դիւրանայ իր նիւթական վիճակը, եւ արդէն նետերլանտցի Տը Եանկը այդ մարզիկներէն մէկն է:
Տեքօ միջնապահ Տը Եոնկի ծառայութիւնները առաջարկած է շարք մը եւրոպական ակումբներու, սակայն նոյնինքն Տը Եոնկ չ՛ուզեր լքել Պարսելոնան:
Ֆրենքիի համար միակ լուրջ հետաքրքրութիւնը ցուցաբերած է Անգլիոյ Մանչեսթըր Եունայթըտի ակումբը:
27 տարեկան ֆութպոլիստը այս եղանակին տակաւին դաշտ չէ ներկայացած, որովհետեւ տակաւին ապաքինումի մէջ կը գտնուի` անցեալ ապրիլին վիրաւորուած ըլլալուն պատճառով: