Պարսելոնայի միջնապահ Տանի Օլմօ յայտնեց, թէ քաթալոնական կազմի բոլոր խաղցողներն ալ տիտղոսներ շահելու ցանկութիւնը ունին:
«Ես նոր յաղթած եմ Եւրոպայի ախոյեանութիւնը եւ չեմ յոգնիր յաղթելէն: Ես կ՛ուզեմ միշտ յաղթել: Ֆութպոլիստը չի կրնար կշտանալ յաղթանակներէ, եւ մեր խումբին մէջ կ՛ուզեն եւ կը ցանկան Պարսելոնայի հետ կրկին տիտղոսներ նուաճել», նշեց Օլմօ:
Օլմոն օգոստոսին միացաւ Պարսելոնային` Ռէտ Պուլ Լայփցիկէն փոխադրուելով 55 միլիոն Եւրոյի փոխարէն: Ան մինչեւ 2030-ի ամառ պիտի մնայ Պարսայի հետ:
Օլմօ անցեալ տարեշրջանին 25 մրցում կատարած էր` նշանակելով 8 կոլ եւ կատարելով 5 էսիսթ: