Կիրակի օր, Ռուսիոյ ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Լոքոմոթիւ Մոսկուա – Կրասնոտար մրցումը, որ իրար դէմ հանեց Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահներ Նայեր Թիքնիզեանը (Լոքոմոթիւ) եւ Էտուարտ Սփերձեանը:
Թիքնիզեան լաւ ելոյթ չունեցաւ իր խումբին նման եւ կիսախաղին փոխարինուեցաւ, մինչ Սփերձեան բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ դառնալով իր խումբի լաւագոյն մարզիկը եւ նշանակելով կոլ մըն ալ` փենալթիով:
Կրասնոտար 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լոքոմոթիւը եւ գահընկէց ըրաւ զայն պարագլուխի դիրքէն:
Այս արդիւնքէն օգտուեցաւ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ, որ 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Փարի խումբին դաշտէն եւ գրաւեց պարագլուխի դիրքը:
Կրասնոտար 2 կէտ ետ կը մնայ Զենիթէն (17 կէտ), աւելի լաւ կոլ-էվըրէյճ մը ունենալով Լոքոմոթիւէն (15 կէտ), որ գրաւեց 3-րդ դիրքը:
«Փառք Աստուծոյ, որ մրցումը այսպէս աւարտեցաւ: Լաւ է, որ մենք կրցանք առիթներէն օգտուիլ: Բաւական լաւ յաղթանակ տարինք: Մենք այժմ խաղցանք Տինամոյի եւ Նիժնի Նովկորոտի դէմ եւ շատ կարեւոր 9 կէտեր ձեռք ձգեցինք: Մենք մեր գործը լաւ կատարեցինք», ըսաւ Սփերձեան մրցումէն ետք: