Մոսկուայի Լոքոմոթիւ խումբը բանակցութիւններ կը վարէ Հունգարիոյ Ֆերենքվարոշ ակումբին հետ, Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Էտկար Սեւիկեանի ձեռքբերման վերաբերեալ, ըստ Լոքոմոթիւի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Եուրի Նակորիխի:
Աւելի կանուխ, Էտկարի հայրը` Մարտիրոս Սեւիկեան բանակցութիւններու մասին յայտնած էր երկու ակումբներուն միջեւ:
Նշենք, որ Մոսկուայի Լոքոմոթիւին մաս կը կազմէ նաեւ Հայաստանի ազգային խումբի պաշտպան Նայիր Թիքնիզեան:
Վերջերս Սպանիոյ Սեւիան կապի մէջ մտած էր Լոքոմոթիւի հետ Թիքնիզեանի փոխանցուելուն վերաբերեալ, սակայն այժմ կապերը խզուած են, իսկ բանակցութիւնները` դադրած:
25 տարեկան Նայիրի Թիքնիզեանի պայմանագիրը կ՛աւարտի 2025-2026 տարեշրջանի աւարտին: Անոր փոխանցուելուն արժէքը կը գնահատուի 6,5 միլիոն եւրոյով:
23 տարեկան Սեւիկեան Լոքոմոթիւի սան է եւ մինչեւ 16 տարեկան եղած է ակումբին մէջ, ապա միացած է Սպանիոյ Լեվանթէ խումբին եւ 2 տարի ետք վերադարձած Ռուսիա` Փարի Նիժնի Նովկորոտ ակումբ, իսկ այս տարուան սկիզբը` Ֆերենքվարոշ: