Նոա ակումբը վերջերս իր կայքին վրայ լուր հրապարակեց ակումբին ձեռք ձգած յաջողութեան մասին` «Քոնֆերենս լիկ»-ի մրցաշարքին:
«Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ի «Քոնֆերենս լիկ»-ը այս ամառ շատ յագեցած էր ոչ միայն անմոռանալի մրցումներով, այլեւ պատմական մրցանիշներով ալ: Նոան ձեռք ձգած է լաւագոյն կոլերու տարբերութիւնը (18-6), առաւելագոյն կոլերը` 18 կոլ, զտումի մեծագոյն յաղթանակը` 7-0, 4 յաղթանակ իր դաշտին վրայ 100 տոկոս յաղթանակի արդիւնքով, անցնելով 4 զտումի հանգրուաններ, ամէնէն հեռու տարածութենէն կոլ նշանակելը` բերդապահ Չանչարեւիչ, զտումի մրցումներու լաւագոյն կոլ-սքորըրը` Կոնսալօ Կրեկորիօ (6 կոլ), պայքարին սկսան 50 խումբեր, միայն Նոա կրցաւ հասնիլ զտումի բոլոր հանգրուաններուն: 3 հոկտեմբերին կը սկսի աւարտական մրցաշարքը: Հանրապետական մարզադաշտին մէջ Նոա պիտի մրցի Մլատա Պոլեսլաւի դէմ (Չեխիա): Ձեզ բոլորդ դաշտ կը սպասենք», կը նշէ Նոայի հաղորդագրութիւնը: