Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Յաղթեց, Ա. Սէ. Միլան Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Պարտուեցան
Սպանիոյ ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանին գծով Պարսելոնա յաղթելէ ետք Ռէալ Սոսիետատին (4-0) վերագրաւեց ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը: 17-րդ վայրկեանին Սոսիետատի կեդրոնի պաշտպան Արից Էլուսթոնտօ կարծր թաքըլէ մը ետք վտարուեցաւ դաշտէն` ստանալէ ետք կարմիր քարտ մը: Պարսելոնայի պահեստի ձախ պաշտպան Ժերարտ Մարթին 25-րդ վայրկեանին նշանակեց Պարսայի առաջին կոլը: 4 վայրկեան ետք Մարք Քասատօ աւելցուց 2-րդ կոլը` Տանի Օլմոյի երկրորդ էսիսթէն օգտուելով: Փետրիի...




















