Գերմանիոյ ամէնէն տիտղոսակիր խումբը` Պայերն Միւնիխ կը պատրաստուի որոշակի վերակազմակերպման ենթարկելու ակումբը այս ամառ:
Ըստ «Թրանսֆեր նիուզ լայվ»-ի, միւնիխեան ակումբը պատրաստ է վաճառելու 3-էն 4 մարզիկներ:
Ըստ աղբիւրին, Լէոն Կորեցքա, Լիրոյ Սանէ, Սերժ Կնապրի եւ Քինկզլի Քոման այդ մարզիկներուն շարքին են:
29 տարեկան Կնապրի եւ 28 տարեկան Քոմանի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 35 միլիոն եւրոյով, մինչ 30 տարեկան Կորեցքայի արժէքը կը կազմէ 22 միլիոն եւրօ: 29 տարեկան Սանէի արժէքը 45 միլիոն եւրօ է:
Պայերն Միւնիխ կը գլխաւորէ «Պունտըսլիկա»-ի դասաւորման պարագլուխի դիրքը` 23 մրցումներէ ետք 58 կէտ շահելով: