«Էն. Պի. Էյ.»-ի այս եղանակի առաջին խումբը, որուն յաղթանակներուն թիւը 50-ի հասաւ, Քլիվլենտ Քեվելիրզն է, որ 14-րդ մրցումը ըլլալով պարտութիւնը յաղթանակի վերածեց, երբ Փորթլենտը հիւրընկալեց:
Քլիվլենտ, որ շաբաթավերջին 22 կէտով ետ մնալէ ետք կրցած էր յաղթել Պոսթըն Սելթիքսին, այս վերջինիս դաշտին վրայ, երէկ 18 կէտով ետ կը մնար 3-րդ մասին, երբ ստիպեց երկարաձգումի եւ ապա յաղթեց 133-129 արդիւնքով, նոյնիսկ առանց իր թիւ 1 աստղ Տոնավըն Միչելի, որ հանգիստ կ՛ընէր այս մրցումին: Թայ Ճերոմ նշանակեց 25 կէտ, եւ Տէանտրէ Հանթըրի 32 կէտերուն ու Էվըն Մոպլիի 20 կէտերուն հետ միասնաբար Քլիվլենտ կրցաւ յաղթական դուրս գալ: Տենի Աւտիճա (30 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ) եւ Էնֆըրնի Սիմընզ (27 կէտ) եղան Փորթլենտի լաւագոյն մարզիկները:
Երեք օրուան ընթացքին 2-րդ անգամ ըլլալով Լոս Անճելըսի երկու խումբերը` Լէյքըրզ եւ Քլիփըրզ մրցեցան, եւ Լէյքըրզ անգամ մը եւս յաղթեց 108-102 արդիւնքով:
Լէյքըրզ Տոնչիչի հետ օրէ օր աւելի լաւ խումբի կը վերածուի եւ այս յաղթանակէն ետք գրաւեց Արեւմտեան շրջանի 2-րդ դիրքը` Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի ետին:
Լուքա Տոնչիչ 29 կէտ նշանակեց, մինչ Լըպրոն Ճէյմս 17 կէտ աւելցուց` հասնելով 49.999 կէտի: 1 կէտ եւս եւ Լըպրոն կը դառնայ «Էն. Պի. Էյ.»-ի առաջին մարզիկը, որ 50 հազար կէտի կը հասնի բնական եղանակի եւ փլէյ օֆի մրցումներու հաշիւով:
Լըպրոն Ճէյմս կրցաւ իր ասպարէզի 1000-րդ յաղթանակը տօնել, գրաւելով 4-րդ դիրքը` բնական եղանակի մրցումներու ընդհանուր հաշիւով: Քարիմ Ապտուլ Ժապպար 1.074 յաղթանակ ունի իր ասպարէզի ընթացքին:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Պոսթըն Սելթիքս – Տենվըր Նակեթց 110-103
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 133-129
Ինտիանա Փէյսըրզ – Շիքակօ Պուլզ 127-112
Օրլանտօ Մեճիք – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 102-104
Մայեմի Հիթ – Նիւ Եորք Նիքս 112-116
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 132-146
Եութա Ճեզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 121-128
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 108-102
Ֆինիքս Սանզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 98-116