Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի քառորդ աւարտականի մրցումներուն գծով, Ինթեր Միլան 2-0 արդիւնքով յաղթեց Լացիօ Ռոմային եւ հասաւ կիսաւարտական, ուր պիտի մրցի Ա. Սէ. Միլանին դէմ:
Պէտք է ըսել, որ Լացիօ շատ աւելի վտանգեց Ինթերի բերդը, որուն պահեստի բերդապահ Խոսեփ Մարթինես շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ իր երկրորդ մրցումին` փոխարինելով Եան Զոմըրը, որ բթամատին ոսկորը կոտրած էր:
Ինթերի կոլերը նշանակեցին Մարքօ Արնաութովիչ ռմբային հարուածով մը, եւ Հաքան Չալհանօղլու` 77-րդ վայրկեանին (փենալթիով):
Սպանիոյ բաժակի կիսաւարտականի երթի մրցումին, Պարսելոնա իր դաշտին վրայ չկրցաւ յաղթել Աթլեթիքօ Մատրիտին, եւ այժմ պէտք է 2 ապրիլին աւելի վճռական ըլլայ հասնելու աւարտական:
Առաջին վայրկեանին Խուլիան Ալվարես նշանակեց Աթլեթիքոյի առաջին կոլը: 5 վայրկեան ետք Անթուան Կրիզման արդիւնքը 2-ի աւելցուց:
Մինչեւ կիսախաղ Փետրի, Քուպարսի եւ Մարթինես փոխադարձեցին, եւ Պարսելոնա 3-2 արդիւնքով յառաջացաւ: 74-րդ վայրկեանին Լեվանտովսքի 4-րդ կոլը նշանակեց Պարսելոնայի հաշուոյն, եւ կը կարծուէր, թէ Աթլեթիքօ պարտութիւն պիտի կրէ:
Սակայն Լորենթէ եւ Սորլոթ (93-րդ վայրկեանին) կրցան 2 կոլեր նշանակել եւ հաւասարութիւն խլել Պարսելոնայի դաշտին վրայ: