Սպանիոյ ֆութպոլի պատմութեան կեդրոնի լաւագոյն յետսապահներէն Սերխիօ Ռամոս իր առաջին կոլը նշանակեց մեքսիքական Մոնթերէյի ակումբին շապիկով:
38 տարեկան Ռամոս, որ 16 տարի բարձր մակարդակի ֆութպոլ խաղցած էր Ռէալ Մատրիտի հետ, 2021-ին միացած էր Փարիզ Սեն Ժերմենին եւ 2023-ին վերադարձած էր առաջին ակումբը` Սեւիա, վերջին տարեշրջանը կատարելով Սպանիոյ մէջ:
Ան մօտ ամիս մը առաջ միացաւ Մոնթերէյին եւ իր երկրորդ պաշտօնական մրցումին գլխու հարուածով մը գրաւեց Սանթոս Լանկունայի բերդը` 57-րդ վայրկեանին:
Ռամոսի նոր ակումբը յաղթեց 10-րդ հանգրուանի գծով այս մրցումին եւ 15 կէտով կը գրաւէ 9-րդ դիրքը: