Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Քըրրի Այս Տարեշրջանի Իր Առաւելագոյն Կէտերը Նշանակեց Օրլանտոյի Մէջ

Մարտ 1, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան ժամերուն Օրլանտօ Մեճիք կը հիւրընկալէր Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը, որուն 3 կէտերու «թագաւոր» Սթեֆ Քըրրի 56 կէտ նշանակեց, ներառեալ 12 հատ 3 կէտնոց կողովներ:

Ան կիսախաղի ազդանշանէն առաջ դաշտի կէսէն ետեւ ըլլալով պազըր պիթըրով նշանակեց 3 կէտնոց կողով մը` 16 մեթր հեռաւորութենէն:

Ասիկա 45-րդ մրցումն էր, որուն ընթացքին Քըրրի 9-է աւելի 3 կէտեր կը նշանակէր մէկ մրցումի ընթացքին, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցանիշ մըն է: Երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Տեմիըն Լիլըրտ, որ 14 մրցումի ընթացքին 9-է աւելի 3 կէտնոց կողովներ նշանակած է: Քլէյ Թոմփսըն, որ տարիներով Քըրրիի խմբակիցն էր, 12 մրցումներու ընթացքին նշանակած է 9-է աւելի 3 կէտնոց կողովներ:

Քըրրի առաւելագոյն կէտեր նշանակած մրցումը 3 յունուար 2021-ին Փորթլենտի դէմ ճակատումն էր, ուր 62 կէտ նշանակած էր: Ան 2016-ին Լէյքըրզի դէմ 13 յաջող 3 կէտեր նշանակած էր: Պէտք է ըսել, որ ան 9-րդ անգամը ըլլալով 50-է աւելի կէտեր կը նշանակէր 30 տարեկան ըլլալէ ետք (մրցանիշ մը եւս):

Ուորիըրզ 121-115 արդիւնքով յաղթեց Օրլանտոյին` արձանագրելով իր 32-րդ յաղթանակը` 59 մրցումներու ընթացքին:

Հետաքրքրական մրցում էր Նիքոլա Եոքիչ – Եաննիս Անթեթոքումփոյի ճակատումը, ուր Եաննիսի Միլուոքի Պաքսը 121-112 արդիւնքով յաղթեց Տենվըր Նակեթցին:

Նիքոլա Եոքիչ իր այս տարեշրջանի 27-րդ թրիփըլ տապըլը ձեռք ձգեց` նշանակելով 32 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ, մինչ Եաննիս 28 կէտ եւ 19 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Պաքսի: Տենվրրի 21-րդ պարտութիւնն էր այս, մինչ Պաքսի 33-րդ` յաղթանակն էր 58 մրցումներու ընթացքին:

Տալաս Մեւրիքս իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Չարլոթ Հորնեթցը եւ 103-96 արդիւնքով յաղթեց: Քայրի Ըրվինկ 25 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տալասի, մինչ խումբին 3-րդ սենթըրը` Մոզըս Պրաուն` 20 կէտ եւ 11 ռիպաունտ: Քլէյ Թոմփսըն 18 կէտ նշանակեց, մինչ վիրաւորներ Անթոնի Տէյվիս, Տերեք Լայվլի, Պրենտըն Ուիլիըմզ, Տանիէլ Կաֆորտ եւ Քէյլըպ Մարթին տակաւին հեռու կը մնան խումբէն, առաւել Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն բացակայ էր այս մրցումէն` հիւանդ ըլլալուն պատճառով: Չարլոթ Հորնեթցի լաւագոյն մարզիկն էր Մարք Ուիլիամս, որ 26 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Ստորեւ` վերջին 2 օրերու արդիւնքները.

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ ԱՌԱՒՕՏ

Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 121-129
Նիւ Եորք Նիքս – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 110-105
Ինտիանա Փէյսըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 111-91
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Պոսթըն Սելթիքս 117-97
Մայեմի Հիթ – Աթլանթա Հոքս 131-109
Պրուքլին Նեթց – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 121-129
Շիքակօ Պուլզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 117-122
Եութա Ճեզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 101-118
Հիուսթըն Ռոքեթց – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 118-106

ԵՐԷԿ
Օրլանտօ Մեճիք – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 115-121
Միլուոքի Պաքս – Տենվըր Նակեթց 121-112
Տալաս Մեւրիքս – Չարլոթ Հորնեթց 103-96
Ֆինիքս Սանզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 116-124
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 111-102

 

 

 

Նախորդը

Անթիլիասի Մէջ Նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնը

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Նափոլի – Ինթեր Միլան

RelatedPosts

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը
Մարզական

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին
Մարզական

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Եու. Է. Էֆ. Ա.».  Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները
Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?