Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Յաղթեց, Ա. Սէ. Միլան Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Պարտուեցան

March 4, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպանիոյ ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանին գծով Պարսելոնա յաղթելէ ետք Ռէալ Սոսիետատին (4-0) վերագրաւեց ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:

17-րդ վայրկեանին Սոսիետատի կեդրոնի պաշտպան Արից Էլուսթոնտօ կարծր թաքըլէ մը ետք վտարուեցաւ դաշտէն` ստանալէ ետք կարմիր քարտ մը:

Պարսելոնայի պահեստի ձախ պաշտպան Ժերարտ Մարթին 25-րդ վայրկեանին նշանակեց Պարսայի առաջին կոլը: 4 վայրկեան ետք Մարք Քասատօ աւելցուց 2-րդ կոլը` Տանի Օլմոյի երկրորդ էսիսթէն օգտուելով:

Փետրիի ռմբային հարուածը, զսպուելէն ետք Սոսիետատի բերդի սիւնին կողմէ, հասաւ խմբապետ Արաուխոյի, որ նշանակեց 3-րդ կոլը: 60-րդ վայրկեանին նոյնինքն Արաուխօ հարուածեց դէպի Սոսիետատի բերդը, եւ գնդակը, դպնալէ ետք լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքիի, նշանակուեցաւ Պարսայի 4-րդ կոլը:

Օսասունա 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վալենսիայի հետ: Վալենսիա համեմատաբար կը բարելաւէ իր դիրքը եւ այժմ 18-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի 24 կէտով հաւասարելով 17-րդ դիրքին վրայ գտնուող Լաս Փալմասի հետ:

Իտալիոյ մէջ, Ա. Սէ. Միլանի վիճակը բնաւ նախանձելի չէ: Միլան իր յաջորդական 3-րդ պարտութիւնը կրեց «Սերի Ա.»-ի գծով, երբ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով զիջեցաւ Լացիօ Ռոմայի առջեւ:

Զաքանյի 28-րդ վայրկեանին նշանակեց Լացիոյի առաջին կոլը: 67-րդ վայրկեանին սերպ պաշտպան Փաւլովիչի կարմիր քարտը բնաւ չօգնեց Միլանին, սակայն նիկերիացի Սամուէլ Չուքուեզէ կրցաւ նշանակել Միլանի հաւասարութեան կոլը, հակառակ 1 մարզիկ պակաս խաղալուն:

Կը կարծուէր, թէ Միլան ձեւով մը փրկուած էր այս մրցումէն, առնուազն հաւասարութեամբ, սակայն 93-րդ վայրկեանին Լացիոյի մէկ քոռնըրէն ետք, իրաւարարին ականջին թելադրութիւններ ղրկուեցան ՎԱՐ-ի սենեակէն… Իրաւարարը մեկնեցաւ դաշտի կեդրոն` պաստառին վրայ դիտելու միջադէպը, որմէ ետք փենալթի մը շնորհեց Լացիոյին, վեթերան Փետրոն այդ փենալթին վարպետութեամբ կոլի վերածեց` 3 կէտերը նուիրելով Լացիոյին: Լացիօ բարձրացաւ 4-րդ դիրք, մինչ Միլան այժմ 9-րդ դիրքը կը գրաւէ:

Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի 1/8-րդ հանգրուանին գծով մրցումի մը, Մանչեսթըր Եունայթըտ բաւական լաւ մրցումէ մը ետք փենալթիներով պարտուեցաւ Ֆուլհամէն: Մրցումը 1-1 արդիւնքով աւարտեցաւ, երբ Քալվին Պեսիի (Ֆուլհամ) կոլը ջնջեց Պրունօ Ֆեռնանտեշ 71-րդ վայրկեանին:

Երբ կոլ չնշանակուեցաւ երկարաձգումին, դիմուեցաւ փենալթիներու: Պրունօ Ֆեռնանտեշ, Տիոկօ Տալոթ եւ Քասեմիրօ նշանակեցին Եունայթտի առաջին 3 փենալթիները, մինչ Վիքթոր Լինտըլոֆի եւ Եոշուա Զիրքզիի փենալթիները` վարպետօրէն զսպեց Արսենալի նախկին բերդապահ գերմանացի Պերնտ Լենօ:

 

Նախորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Աթլեթիքօ Մատրիտ

Յաջորդը

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛աջակցի Միացեալ Նահանգներու Խաղաղութեան Ծրագիրին»

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.