Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.»  Սելթիքս Յաղթեց Լէյքըրզին

«Էն. Պի. Էյ.» Սելթիքս Յաղթեց Լէյքըրզին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին, եւ «սպասուած աւարտական»-ի մրցումին Պոսթըն Սելթիքս պարտութեան մատնեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը` 8 յաջորդական յաղթանակներէ ետք: Լէյքըրզ, որ շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուէր վերջին երկու շաբաթներուն, լաւ սկսաւ մրցումը եւ գրեթէ հաւասար ձեւով քայլ կը պահէր Պոսթընի հետ, որ մինչեւ կիսախաղ 4 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ: Երկրորդ կիսախաղին սկիզբը Պոսթըն հեռացաւ մինչեւ 20 կէտ, բայց...

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբ.  Այսօր` Ֆութպոլի 2-րդ Շաբթուան Մրցումները

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբ. Այսօր` Ֆութպոլի 2-րդ Շաբթուան Մրցումները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի 2024-2025 տարեշրջանի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումները շարունակուեցան անցեալ շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիայի եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտերուն վրայ: Ստորեւ կը ներկայացնենք անցեալ շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ այսօրուան ֆութպոլի խաղերու ժամանակացոյցը. ֆութպոլի խաղերու արդիւնքները. Փոքր տղաք.- Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան - Դպրեվանք Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 1-0 Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Եունայթըտ – Արսենալ. Եուվենթուս – Աթալանթա

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Եունայթըտ – Արսենալ. Եուվենթուս – Աթալանթա

Այսօր կը սկսի «Փրեմիեր լիկ»-ի 28-րդ հանգրուանը, ուր ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի հիւրը պիտի ըլլայ Նոթինկհամ Ֆորեսթի: 3-րդ դիրքը գրաւող Ֆորեսթ պիտի փորձէ պահել իր դիրքը, մինչ 4-րդ դիրքը գրաւող Սիթի պիտի փորձէ գրաւել 3-րդ դիրքը` յաղթելով Նոթինկհամի: Բ. դիրքը գրաւող Արսենալ վաղը պիտի մեկնի Մանչեսթըր` մրցելու համար Եունայթըտի դէմ: Առաջին դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ պիտի հիւրընկալէ վերջին դիրքը գրաւող Սաութհեմփթընը: Ստորեւ`...

Ստեփան Մկրտչեան Հայաստանի Ազգային  Խումբ Հրաւիրուեցաւ

Ստեփան Մկրտչեան Հայաստանի Ազգային Խումբ Հրաւիրուեցաւ

Խրուաթիոյ Օսիեք ակումբի յետսապահ Ստեփան Մկրտչեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ազգային խումբ` մասնակցելու համար Ազգերու լիկայի փլէյ օֆի առաջին հանգրուանի մրցումներուն գծով ճակատումի մը` Վրաստանի դէմ: Հայաստանի ազգային խումբը 20 մարտին Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Վրաստանը, իսկ 23 մարտին տեղի պիտի ունենայ դարձի մրցումը Թիֆլիսի մէջ: Մկրտչեան վերջին անգամ 2024-ի յունիսին հրաւիրուած էր ազգային խումբ` Ղազախստանի դէմ բարեկամական մրցումին: Լոքոմոթիւ Մոսկուայի մարզիկներ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Լէյքըրզ Յաղթեց Նիքսին, Պրանսըն  Վիրաւորուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Յաղթեց Նիքսին, Պրանսըն Վիրաւորուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ պէտք ունեցաւ երկարաձգման, յաղթելու համար Նիւ Եորք Նիսքին` 113-109 արդիւնքով: Աւելի՛ն, Նիւ Եորքի աստղ Ճէյլըն Պրանսըն վիրաւորուեցաւ այդ երկարաձգման պահուն` պատճառ դառնալով, որ Լէյքըրզ իր յաջորդական 8-րդ յաղթանակը արձանագրէ: Տոնչիչ - Լըպրոն զոյգը անգամ մը եւս փայլեցաւ: Տոնչիչ 32 կէտ եւ 12 էսիսթ կատարեց, մինչ Լըպրոն 31 կէտ եւ 12...

ՖԻՖԱ 2025-ի Ակումբներու Մոնտիալ.  ՖԻՖԱ-ն 1 Միլիառ Տոլար Պիտի Բաժնէ Խումբերուն

ՖԻՖԱ 2025-ի Ակումբներու Մոնտիալ. ՖԻՖԱ-ն 1 Միլիառ Տոլար Պիտի Բաժնէ Խումբերուն

ՖԻՖԱ-ն յայտարարեց, թէ որոշած է 1 միլիառ ամ. տոլար յատկացնել այս ամառ տեղի ունենալիք ակումբներու մոնտիալին` իբրեւ մրցանակներ: 32 ակումբներէ կազմուած մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու 7 տարբեր դաշտերու վրայ, մասնակցող բոլոր խումբերը պիտի ստանան նիւթական նուէրներ, ոչ հաւասարապէս, այլ ամէն խումբ ըստ իր ցամաքամասին: 2022-ի Քաթարի մոնտիալին մրցանակներու ամբողջական գումարը հասած է 440 միլիոն ամ. տոլարի: Ըստ...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մթայլեպ` 67-48

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մթայլեպ` 67-48

Չորեքշաբթի գիշեր աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս առաջին մասին ետ մնալէ ետք (16-21), կրցաւ զսպել մրցակից Մթայլեպը, որ մնացած 3 մասերուն 27 կէտ կրցաւ նշանակել միայն: Ազուրի դէմ պարտութենէն ետք, խումբը առանց լուրջ կեդրոնացումի ներկայացուած էր դաշտ եւ դիւրին կողովներ կը ստանար, մինչեւ Բ. մաս, ուր մրցակիցը 4 կէտի վրայ կրցաւ զսպել: Կիսախաղին 35-25 արդիւնքով...

«Էմ. Էմ. Էյ.  30 Մարտին «Միքս Ֆայթ 57» Երեւանի Մէջ

«Էմ. Էմ. Էյ. 30 Մարտին «Միքս Ֆայթ 57» Երեւանի Մէջ

30 մարտին ժամը 19:00-ին «Տինամօ» մարզադահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Միքս Ֆայթ 57» խառն մենամարտերու մրցաշարքը, ուր Հայաստան պիտի մրցի Յունաստանի դէմ: 13 արհեստավարժ մենամարտեր, «Էմ. Էմ. Էյ.», Քիք պոքսինկ եւ Մուայ-թայ: Կը սպասուի, որ շատ հետաքրքրական մրցումներ տեղի ունենան` ներկայութեամբ մեծ թիւով միջազգային հիւրերու: Այս հանդիսութիւնը պիտի պատկերասփռուի 75 երկիրներու մէջ: Ստորեւ կը ներկայացնենք հայ մարտիկներու ելոյթները. 61 քկ...

«Էն. Պի. Էյ.» Քեվելիրզ Այժմէն Իսկ Ապահովեց Փլէյ Օֆի Տոմսը. Փրիչըրտ – Ուայթ Զոյգի Մրցանիշը

«Էն. Պի. Էյ.» Քեվելիրզ Այժմէն Իսկ Ապահովեց Փլէյ Օֆի Տոմսը. Փրիչըրտ – Ուայթ Զոյգի Մրցանիշը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն, Քլիվլենտ Քեվելիրզ 112-107 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Մայեմի Հիթը, իր 62-րդ մրցումէն իսկ ապահովեց փլէյ օֆի իր տոմսը: Տոնավըն Միչել 26 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, եւ 5 այլ մարզիկներ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին: Տէ՛Անտրէ Հանթըր (16 կէտ), Էվըն Մոպլի (16 կէտ եւ 13 ռիպաունտ), Տարիըս Կարլենտ (15 կէտ եւ 10 էսիսթ), Թայ Ճերոմ (12...

«Չեմփիընզ Լիկ». Լիվըրփուլ Անակնկալի Բերաւ Փարիզ Սեն Ժերմենը. Պայերն Միւնիխ, Պարսելոնա Եւ Ինթեր` Յաղթական

«Չեմփիընզ Լիկ». Լիվըրփուլ Անակնկալի Բերաւ Փարիզ Սեն Ժերմենը. Պայերն Միւնիխ, Պարսելոնա Եւ Ինթեր` Յաղթական

Չորեքշաբթի գիշեր «Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/8-րդ աւարտականի երկրորդ օրուան մրցումներուն, Փարիզ Սեն Ժերմեն կը հիւրընկալէր Լիվըրփուլը, Ֆրանսայի մէջ: Այս մրցումին Փարիզ Սեն Ժերմեն ամէն ինչ կրցաւ ընել յաջողութեամբ, յարձակումներ կազմակերպեց գրեթէ ամբողջ մրցումի տեւողութեան, սակայն չկրցաւ գրաւել Լիվըրփուլի բերդը, որուն պրազիլցի բերդապահը` Ալիսոն Պեքըր իր ասպարէզի լաւագոյն մրցումներէն մէկը կատարեց: Լիվըրփուլ չբաւականացաւ ասկէ, 87-րդ վայրկեանին կոլ մըն ալ նշանակեց Հարվի Էլիըթի...

Փիքէն Եւ Իր Տրամաբանական Կարծիքը

Փիքէն Եւ Իր Տրամաբանական Կարծիքը

Պարսելոնայի նախկին յետսապահ Ժերար Փիքէ առաջարկած է կէտերէ զրկել երկու խումբերն ալ, եթէ մրցումի մը արդիւնքը 0-0 աւարտի: «Աղուոր չէ ֆութպոլի երթալ, ծախսել 100, 200 կամ 300 եւրօ եւ մրցումը աւարտել 0-0 արդիւնքով: Ասիկա պէտք է փոխուի: Կ՛առաջարկեմ, որ եթէ մրցումը 0-0 արդիւնքով աւարտի, խումբերուն կէտեր չտրուին: Այդ ժամանակ 70-րդ վայրկեանէն սկսալ մրցումը ստիպուած աւելի յարձակողական կրնայ դառնալ», ըսաւ Փիքէ`...

«Ֆորմիւլա 1».  2025-ի Փորձերէն Ետք Ի՞նչ Է Վիճակը

«Ֆորմիւլա 1». 2025-ի Փորձերէն Ետք Ի՞նչ Է Վիճակը

Անցեալ շաբաթ Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցան «Ֆորմիւլա 1»-ի 2025 տարուան առաջին եւ վերջին փորձերը` երեք օրուան վրայ: Երկու շաբաթ ետք Աւստրալիոյ մէջ պիտի սկսի տարեշրջանը, եւ բազմաթիւ վարորդներ շատ քիչ նկատեցին 22 ժամ տեւած փորձերը: Հակառակ կարճ ժամանակին, արդիւնքները բաւարար էին գաղափար ունենալու, թէ ի՛նչ կը սպասէ այս տարի: «Ռետ Պուլ»-ի պարագային, ըստ երեւոյթին մասնաւոր յատկանշական բան չկայ եւ ընդհանուր...

Ճէյտըն Աղասի` Պէյսպոլի Մարզիկ

Ճէյտըն Աղասի` Պէյսպոլի Մարզիկ

Վերջերս, Արիզոնայի մէջ տեղի կ՛ունենային Պէյսպոլի աշխարհի զտումի մրցումներ, ուր Գերմանիոյ ազգային խումբը ելոյթ կ՛ունենար: Հանդիսատեսներուն շարքին էին հայազգի նախկին թենիսմեն Անտրէ Աղասին եւ իր գերմանացի կինը` Շթեֆի Կրաֆ, որ աղջկանց թենիսի պատմութեան լաւագոյն դէմքերէն էր: Աւելի ուշ յստակացաւ անոնց ներկայութեան պատճառը, երբ իրենց 23 տարեկան զաւակը` Ճյէտըն ելոյթ ունեցաւ Գերմանիոյ խումբին հետ:  

Քայրի Ըրվինկ Մինչեւ  Տարեշրջանի Աւարտը` Վիրաւոր

Քայրի Ըրվինկ Մինչեւ Տարեշրջանի Աւարտը` Վիրաւոր

Օր մը առաջ կիսատ լքելէ ետք Տալաս Մեւրիքսի մրցումը Սաքրամենթօ Քինկզի դէմ, բժշկական քննութիւններէ ետք փաստուեցաւ, թէ Քայրի Ըրվինկ ծունկին ետեւի մկաններու կապերը վիրաւորած է (Էյ. Սի. Էլ.), եւ այս ձեւով ան կանուխ աւարտեց այս եղանակը: Ըրվինկ Տըմար Տըրոզընի կատարած ֆաուլէն ետք ինկած էր Քինկզի մարզիկ Եոնաս Վալանսիունասի ոտքին վրայ` կորսնցնելով իր հաւասարակշռութիւնը եւ իյնալով ձախ ոտքին վրայ, մինչ ծունկը...

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Յաղթեց Աթլեթիքոյին. Արսենալ 7 Կոլեր Նշանակեց Այնտհովընի Մէջ

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Յաղթեց Աթլեթիքոյին. Արսենալ 7 Կոլեր Նշանակեց Այնտհովընի Մէջ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/8-րդ հանգրուանի առաջին օրուան մրցումներուն, անցեալ տարուան տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր դրացի-թշնամի Աթլեթիքօ Մատրիտը: Ռոտրիկօ (4-րդ վայրկեանին) եւ Պրահիմ Տիաս (55-րդ վայրկեան) նշանակեցին Ռէալի 2 կոլերը, իսկ Խուլիան Ալվարես 32-րդ վայրկեանին նշանակած էր Աթլեթիքոյի միակ կոլը: Աթլեթիքօ ամբողջ մրցումին բացի իր միակ կոլէն մասնաւոր վտանգ չհանդիսացաւ Ռէալի բերդին եւ բաւականացաւ պաշտպանուելով:...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ճէյմս 50 Հազար Կէտերու Սահմանը Կտրեց Եւ Լէյքըրզ Յաղթեց

«Էն. Պի. Էյ.» Ճէյմս 50 Հազար Կէտերու Սահմանը Կտրեց Եւ Լէյքըրզ Յաղթեց

Երէկ, Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ իր յաջորդական 7-րդ յաղթանակը արձանագրեց, երբ 136-115 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նիւ Օրլինզ Փելիքընզը: Լըպրոն Ճէյմս իր ասպարէզի 50 հազար կէտերու սահմանը կտրեց` դառնալով «Էն. Պի. Էյ.»-ի միակ մարզիկը, որ հասաւ այս թիւին, իր 22-րդ տարեշրջանին: Լէյքըրզի այլ աստղերէն Քարիմ Ապտիւլ Ժապպար 20 եղանակի ընթացքին 44.149 կէտ նշանակած էր: Մինչ կան աստղեր, որոնց մակարդակը 35 տարեկանէն...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մթայլեպ

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մթայլեպ

Այսօր` ժամը 21:00-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին գծով պիտի հիւրընկալէ Մթայլեպը: Իր վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիասը գրեթէ 3 մասեր առաջ մնալէ ետք վերջին մասին տեղի տուած էր Ազուրի դիմաց եւ պարտուած 74-65 արդիւնքով: Պէտք է սորվիլ այսպիսի պարտութիւններէ եւ գիտնալ, թէ ո՛ւր էին սխալները: ՀՄԸՄ-ի անցեալ...

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբ.  Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Արդիւնքները

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբ. Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Արդիւնքները

Անցեալ շաբաթավերջին շարունակուեցան ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի կազմակերպած պասքեթպոլի մրցումները, տեղի ունեցան ֆութպոլի առաջին շաբթուան մրցումները: Շաբաթ օր ֆութպոլի մրցումներու գծով արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. ՇԱԲԱԹ, 1 ՄԱՐՏ 2025 ՖՈՒԹՊՈԼ ՓՈՔՐ ՏՂԱՔ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան - Դպրեվանք Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 1-0 Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան - Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան 8-2 ՄԵԾ ՏՂԱՔ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան -...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Փարիզ Սեն Ժերմեն – Լիվըրփուլ Եւ Պայերն Միւնիխ – Պայեր Լեւերքուզըն

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Փարիզ Սեն Ժերմեն – Լիվըրփուլ Եւ Պայերն Միւնիխ – Պայեր Լեւերքուզըն

Եւրոպայի այժմու լաւագոյն վիճակի մէջ գտնուող երկու ակումբները, Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Լիվըրփուլ, իրար դէմ պիտի մրցին այսօր` Ֆրանսայի մէջ: «Չեմփիընզ լիկ»-ի այս ճակատումը կը խոստանայ ըլլալ շատ հետաքրքրական, մանաւանդ որ Փարիզի կազմը երկու մրցումներու հաշիւով 10-0 արդիւնքով դուրս ձգած էր Պրեսթը եւ այժմ 22 մրցումներէ անյաղթ է` յաղթելով 19 մրցումներու եւ հաւասարելով միւս 3-ին: Անյաղթ մրցումներու այս շարքը պահելը...

«Էն. Պի. Էյ.»  Կիլճիըս – Ալեքզանտր 51 Կէտ Նշանակեց Եւ Թանտըր Իր 50-րդ Յաղթանակը Տարաւ

«Էն. Պի. Էյ.» Կիլճիըս – Ալեքզանտր 51 Կէտ Նշանակեց Եւ Թանտըր Իր 50-րդ Յաղթանակը Տարաւ

Երէկ առաւօտեան ժամերուն, Օքլահոմա Սիթի Թանտըր իր կարգին հասաւ տարեշրջանի 50-րդ յաղթանակին` 137-128 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հիուսթըն Ռոքեթցին: Շէյ Կիլճիըս - Ալեքսանտր 51 կէտ նշանակեց ի նպաստ Օքլահոմայի, այս տարեշրջանին իր 4-րդ մրցումը, որուն ընթացքին 50-է աւելի կէտեր կը նշանակէր: Հետաքրքրականը այն է, որ Շէյ վերջին 7 շաբաթներուն կատարեց այդ 4 մրցումները: Այս տարեշրջանի առաւելագոյն կէտեր նշանակող մարզիկը նոյն ժամանակաշրջանին...

Page 136 of 1275 1 … 135 136 137 … 1,275

Արխիւներ