Ֆապիօ Քափելլօ վերջերս խօսած է իտալական ֆութպոլի մասին, մանաւանդ երբ «Չեմփիընզ լիկ»-էն դուրս մնացին 4 խումբերէն 3-ը: Փլէյ օֆի մրցումներուն, անցեալ շաբաթ Ա. Սէ. Մլիան, Եուվենթուս եւ Աթալանթա պարտուելէ ետք յաջորդաբար Ֆեյենուրտէն, Փ. Ս. Վ. Այնտհովընէն եւ Պրիւժէն, դուրս մնացած էին:
«Այնտհովըն – Եուվէ մրցումին նկատելի էր, որ իտալական խումբերը որքա՛ն դժուար կը դիմանային բարձր ճնշումին եւ արագ խաղարկութեան: Այնտհովըն գրեթէ իր բերդապահին հետ չէր փոխանակեր փոխանցումներ, եւ անընդհատ կը յարձակէր: Մեր ակումբները վարժ չեն այդ ճնշման մակարդակին: Ինծի համար Եուվենթուս աւելի լաւ էր առնուազն առաջին կիսախաղին, որուն ընթացքին բարձր ճնշում գործադրեց` առիթ չտալով Այնտհովընին, որ մօտենայ Տի Կրեկորիոյի բերդին: Սակայն անոնք յոգնեցան Բ. կիսախաղին: Անոնք շահ ուժ վատնեցին, եւ կիսախաղէն 10 վայրկեան ետք խումբը յոգնած էր: Թերեւս Թիակօ Մոթթա աւելի կանուխ պէտք էր կատարէր իր փոփոխութիւնները: Ան գրեթէ 10 վայրկեան քննարկելէ ետք (իր օգնականին հետ) որոշեց փոխարինում կատարել: Երբ խումբը կորսնցուց փրեսինկի կարողութիւնը, անոնք սկսան շատ բաց տարածութիւններ ձգել դաշտին վրայ` առիթ տալով Նետերլանտներուն, որ ձեռք առնեն մրցումը: Մոթթա աւելի կանուխ պէտք էր փոխարինէր միջնապահները: Միլանի պարագային Թէօ Հեռնանտեսի աններելի կարմիր քարտը զինք յուսալքեց, բայց նոյնիսկ 10 մարզիկներով մարզիչը աւելի լաւ արդիւնք պէտք էր արձանագրէր: Օրինակ` ես չէի փոխարիներ Խիմենեսը:
Աթալանթայի պարագային, երթի մրցումին անոնք անբախտ էին, բայց դարձին Պրիւժ փաստեց, թէ իսկական խումբ է: Անոնք գիտէին Աթալանթայի խաղաոճը եւ արագութեամբ ու թեքնիքով կրցան անընդհատ խնդիրներ ստեղծել իտալական պաշտպանողական գիծին վրայ:
Մենք լրացուցիչ ապացոյցներ ստացանք, որ «Սերի Ա.»-ն չի կրնար յաղթել եւրոպական ֆութպոլի բարձր ճնշումին: Այս առումով Իտալիոյ ախոյեանութիւնը նահանջ արձանագրէ 2023-2024 տարեշրջանի աճէն ետք», ըսաւ իտալացի պատմական մարզիչ Քափելլօ` «Լա Կազեթա տելլօ սփորթ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
Նշենք, որ Քափելլօ Ա. Սէ. Միլանի հետ 4 անգամ ախոյեան դարձած է «Սերի Ա.»-ի եւ 1 անգամ «Չեմփիընզ լիկ» շահած, Ռէալ Մատրիտի եւ Եուվենթուսի հետ ալ 2 անգամ Սպանիոյ եւ 2 անգամ Իտալիոյ ախոյեանութիւն շահած, ինչպէս նաեւ 1 անգամ ալ Ռոմայի հետ Իտալիոյ ախոյեան դարձած է: