Սլովենիացի աստղ Լուքա Տոնչիչ երէկ Լոս Անճելըսի մէջ իր նոր խումբին` Լէյքըրզի հետ առաջին մրցումը ունեցաւ իր նախկին խումբին` Տալաս Մեւրիքսի դէմ, եւ 107-99 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ:
Տոնչիչ իր առաջին թրիփըլ տապըլը ձեռք ձգեց Լէյքըրզի հետ` նշանակելով 19 կէտ, 15 ռիպաունտ եւ 12 էսիսթ, մինչ Լըպրոն Ճէյմս 27 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Օսթըն Ռիվզ աւելցուց 20 կէտ Լէյքըրզի հաշուոյն:
Տալասի լաւագոյն մարզիկն էր Քայրի Ըրվինկ, որ 35 կէտ նշանակեց, մինչ Քլէյ Թոմփսըն 22 կէտ աւելցուց 5 յաջող երեք կէտնոց կողովներ նշանակելով Քայրիի նման: Լէյքըրզի 35-րդ յաղթանակն էր 56-րդ մրցումին, մինչ Տալաս կրեց իր 28-րդ պարտութիւնը` 59-րդ ելոյթին:
Ճա Մըրենթ 29 կէտ եւ 8 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Մեմֆիսի, որ իր դաշտին վրայ պարտութեան մատնեց Ֆինիքս Սանզը, յետ երկարաձգման:
Մըրենթ իր 8-րդ էսիսթը կատարեց Ճէյլըն Ուելսի, որ մրցումի աւարտէն 9 երկվայրկեան առաջ տանք մը նշանակեց յաղթանակը ապահովելով: Մեմֆիս Կրիզլիզ երկարաձգման 11-7 արդիւնքով կը պարտուէր, բայց յաջորդական 7 կէտեր նշանակելով յաղթեց մրցումը:
Մըրենթ մեծ դեր ունէր, որ Մեմֆիս մնայ մրցումի մթնոլորտին մէջ, ուր նշանակեց իր խումբին վերջին 11 կէտերը` 4-րդ մասին, վերջին 2 կէտերը` մրցումի աւարտէն 1,4 երկվայրկեան առաջ, որ հաւասարեցուց արդիւնքը 137-ի վրայ:
Երբ Քեւըն Տիւրենթ նշանակեց իր 26-րդ կէտը երկարաձգման աւարտէն 1,17 վայրկեան առաջ կը կարծուէր, որ 148-144 արդիւնքով յառաջացած Սանզ յաղթանակի կ՛ուղղուի, բայց Կրիզլիզ, ինչպէս նշեցինք, յաջորդական 7 կէտեր նշանակեց եւ յաղթեց:
Ֆինիքս Սանզէն 5 մարզիկներ 20 կէտերէ աւելի նշանակեցին առաջին անգամ ըլլալով 10 նոյեմբեր 1990-էն ի վեր: Տեւըն Պոքըր (28 կէտ եւ 10 էսիսթ), Քեւըն Տիւրենթ (26 կէտ), Պրատլի Պիլ (24 կէտ եւ 11 էսիսթ), Պոլ Պոլ (23 կէտ) եւ Կրէյսըն Էլըն (21 կէտ) եղան Ֆինիքսի լաւագոյնները, սակայն Սանզ կրեց իր 6-րդ պարտութիւնը` վերջին 7 մրցումներուն:
Քլիվլենտ Քեվելիրզ իր 48-րդ յաղթանակը արձանագրեց 58 մրցումներու ընթացքին, 40 կէտի առաւելութեամբ յաղթական վերադառնալով Օրլանտօ Մեճիքի դաշտէն` 82-122 արդիւնքով:
Թայ Ճերոմ (20 կէտ), Էվան Մոպլի (17 կէտ), Մաքս Սթրաս (17 կէտ) եւ Տէանտրէ Հանթըր (17 կէտ) եղան Քլիվլենտի լաւագոյնները, մինչ Օրլանտոյի լաւագոյնն էր Փաուլօ Պանչերօ, որ 26 կէտ նշանակեց:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Պոսթըն Սելթիքս 101-111
Օրլանտօ Մեճիք – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 82-122
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 109-103
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ֆինիքս Սանզ 151-148
Հիւսթըն Ռոքեթց – Միլուոքի Պաքս 100-97
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Տալաս Մեւրիքս 107-99
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Չարլոթ Հորնեթց 128-92