Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Աթլեթիքօ Մատրիտ

March 4, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր գիշեր կը սկսի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/8-րդ հանգրուանը:

Ժամը 19:45-ին Պելճիքայի մէջ Ֆ. Ք. Պրիւժ պիտի հիւրընկալէ Ասթոն Վիլան, առաջին հանգրուանին նախապէս իրար դէմ հանդիպելէ ետք:

Այդ մրցումին Պրիւժ 1-0 արդիւնքով յաղթական դուրս եկած էր (նոյեմբերին), եւ պիտի փորձէ այսօր դրական արդիւնք մը ձեռք ձգել դարձի մրցումէն առաջ, ուր պիտի մեկնի Անգլիա յառաջիկայ շաբաթ:

Պրիւժ անակնկալի բերած էր Իտալիոյ Աթալանթան (2-1 եւ 3-1) նախկին հանգրուանին եւ յոյս ունի կրկնելու դրական արդիւնք մը եւս:

Աւելի ուշ` ժամը 22:00-ին, տեղի կ՛ունենայ այսօրուան ամէնէն հաւասարակշռուած մրցումը, ուր ՌԷալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Աթլեթիքօ Մատրիտը:

Նոյն երկրէն ոչ մէկ խումբ իրար դէմ մրցած է «Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմութեան մէջ, որքան մրցած են Ռէալն ու Աթլեթիքոն (10 անգամ):

Մրցումը աւելի «տաք» վիճակ պիտի ունենայ, մանաւանդ որ «Լա լիկա»-ի իր վերջին մրցումին Ռէալ 2-1 արդիւնքով պարտուելէ ետք Պեթիսէն, իր դիրքը կորսնցուց ի նպաստ Աթլեթիքոյին, որ պարտութեան մատնած էր Պիլպաոն:

Սա Մատրիտի 239-րդ տերպին պիտի ըլլայ քանի մը շաբաթ առաջ Սանթիակօ Պեռնապէոյի մէջ տեղի ունեցած 238-րդ ճակատումին իբրեւ կրկնութիւն, ուր արդիւնքը 1-1 արդիւնքով աւարտած էր 63-րդ հաւասարութիւնը: Ռէալ 116 անգամ յաղթած է այս տերպիին, մինչ Աթլեթիքօ 59 անգամ միայն կրցած է յաղթել:

Հակառակ այս բոլորին, Ռէալ Մատրիտ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ընթացքին ինքնաբերաբար տարբեր խումբի կը վերածուի, ինչպէս տեսանք նախորդ հանգրուանին, երբ 6-3 արդիւնքով դուրս ձգեց Անգլիոյ վերջին տարիներու լաւագոյն խումբը` Մանչեսթըր Սիթին: Սա կը փաստէ, որ 15 անգամ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտ իր վերջին 6 ելոյթներէն յաղթած է, մինչ Աթլեթիքոյի դէմ նախկին ճակատումներուն («Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով) Ռէալ կոլ չէ ստացած:

Պէտք է նշենք նաեւ, որ Ռէալ նաք-աութի հանգրուաններու գծով իր վերջին 17 մրցումներուն միայն 1 պարտութիւն կրած է (յաղթելով 11 մրցումներու):

ՓՍՎ Այնտհովըն, որ նախկին հանգրուանին դուրս ձգած էր Եուվենթուսը, Նետերլանտներու ախոյեանութեան պայքարելու յոյսերը գրեթէ կորսնցուց եւ այժմ 8 կէտով ետ կը մնայ Այաքսէն: Անոր կեդրոնացումը պիտի ըլլայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի այսօրուան մրցումին վրայ, որուն ընթացքին պիտի հիւրընկալէ Անգլիոյ Արսենալը:

Փետրուար ամիսը երկու խումբերուն համար ալ շատ լաւ ամիս մը չէր` նկատի ունենալով, որ Այնտհովըն իր 7 մրցումներէն միայն 2-ը կրցած էր յաղթել` 3 պարտութիւններու կողքին, մինչ Արսենալ 5 մրցումներ կատարած էր` յաղթելով 2-ին պարտուելով 2-ին:

2022-էն ի վեր խումբերը իրար դէմ մրցած են 4 անգամ, ուր Արսենալ 2 յաղթանակ տարած է իր դաշտին վրայ, մինչ Այնտհովըն մէկ մրցում յաղթած է իր դաշտին վրայ, իսկ վերջին ճակատումը 1-1 արդիւնքով աւարտած է:

Այսօրուան վերջին մրցումին, Գերմանիոյ մէջ Տորթմունտ պիտի հիւրընկալէ Ֆրանսայի Լիլը:

Նոյն հանգրուանին գծով 2002-ին, սակայն օրին` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի բաժակի գծով խումբերը մրցած էին իրար դէմ միակ ճակատումին (1-1 եւ 0-0), ուր Տորթմունտ օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակելուն պատճառով հասած էր յաջորդ հանգրուան:

Տորթմունտ քիչ մը աւելի լաւ օրերու մէջ կը գտնուի, քան Լիլ, սակայն անշուշտ խումբերը կարելի չէ իրարու հետ բաղդատել, որովհետեւ ամէն ախոյեանութիւն իր տարբեր մրցակիցները ունի, եւ «Պունտըսլիկա»-ն տարբեր է «Լիկ 1»-էն:

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ 50-րդ Յաղթանակը Տօնեց

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Յաղթեց, Ա. Սէ. Միլան Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Պարտուեցան

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.