Անցեալ տարուան ախոյեանութեան Պոսթըն Սելթիքս իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Քլիվլենտ Քեվելիրզը, որ այս տարեշրջանի լաւագոյն խումբն է մինչեւ օրս, եւ հանգիստ մրցում կ՛ունենար մինչեւ 4-րդ մասը:
Արդարեւ, Պոսթըն շատ լաւ վիճակի մէջ էր, հակառակ անոր որ Քլիվլենտ կը փորձէր միշտ մօտ մնալ:
4-րդ մասի 5-րդ վայրկեանին Էվըն Մոպլիի 3 կէտնոց կողովը առաջին անգամ ըլլալով Քլիվլենտը յառաջ տարաւ: Պոսթընի աստղերէն Ճէյլըն Պրաունի 3 կէտնոց կողովը արդիւնքը հաւասարեցուց 114-ի վրայ, մրցումի աւարտէն 3 վայրկեան առաջ, սակայն Տոնավըն Միչել յաջորդական կողովներ նշանակեց` ի վերջոյ յաղթանակին տիրանալով 123-116 արդիւնքով:
Պոսթընի թիւ 1 աստղ Ճէյսըն Թէյթըմի 46 կէտերը նոյնիսկ բաւարար չէին պարտութեան մատնելու Քլիվլենտը, որ 9-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց, տարեշրջանի 49-րդը` 59 մրցումներու ընթացքին:
Քլիվլենտ, որ մրցումին սկիզբը 25-3 արդիւնքով ետ կը մնար, պայքարի բարձր ոգի ցուցաբերեց:
Տոնավըն Միչել 41 կէտ նշանակեց, Տարիըս Կարլենտ` 20 կէտ եւ 7 էսիսթ, իսկ Էվըն Մոպլի` 17 կէտ եւ 12 ռիպաունտ, ի նպաստ Քլիվլենտի:
Լոս Անճելըսի մէջ, Լէյքըրզ եւ Քլիփըրզ իրար դէմ մրցեցան, եւ Լէյքըրզ կրցաւ 4 կէտերու առաւելութեամբ յաղթել:
Լուքա Տոնչիչ 31 կէտ նշանակեց եւ Լըպրոն Ճէյմս 28 կէտ եւ 13 ռիպաունտ աւելցուց ի նպաստ Լէյքըրզի, մինչ Քլիփըրզի լաւագոյններն էին Իվիցա Զուպաց (27 կէտ եւ 16 ռիպաունտ), Քուայ Լենըրտ (21 կէտ) եւ Ճէյմս Հարտըն (18 կէտ եւ 9 էսիսթ):
Երէկ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ անակնկալ պարտութիւն մը կրեց իր դաշտին վրայ` Ֆիլատելֆիա 76-ըրզէն, 119-126 արդիւնքով:
Քուինթըն Կրայմզ 44 կէտ նշանակեց ի նպաստ 76-ըրզի, որուն քամերունցի աստղ Ժոել Էմպիիտ այս տարեշրջանի մինչեւ աւարտը դաշտ պիտի չներկայանայ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Սթեֆ Քըրրի 29 կէտ եւ 13 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ուորիըրզի, որ 5 յաջորդական յաղթանակներէ ետք պարտուեցաւ մրցակիցէ մը, որ 9 յաջորդական պարտութիւններ կրած էր:
Ստորեւ շաբաթավերջի արդիւնքները.
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Տենվըր Նակեթց 119-134
Աթլանթա Հոքս – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 119-135
Պոսթըն Սելթիքս – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 116-123
Պրոքլին Նեթց – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 102-121
Շիքակօ Պուլզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 125-115
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Նիւ Եորք Նիքս 113-114
Մայեմի Հիթ – Ինտիանա Փէյսըրզ 125-120
Ֆինիքս Սանզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 125-108
Եութա Ճեզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 117-116
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 106-102
ԵՐԷԿ
Չարլոթ Հորնեթց – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 100-113
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Պրուքլին Նեթց 115-94
Հիուսթըն Ռոքեթց – Սաքրամենթօ Քինկզ 103-113
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 128-130
Տալաս Մեւրիքս – Միլուոքի Պաքս 117-132
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 126-119


