«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն, Քլիվլենտ Քեվելիրզ 112-107 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Մայեմի Հիթը, իր 62-րդ մրցումէն իսկ ապահովեց փլէյ օֆի իր տոմսը:
Տոնավըն Միչել 26 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, եւ 5 այլ մարզիկներ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին: Տէ՛Անտրէ Հանթըր (16 կէտ), Էվըն Մոպլի (16 կէտ եւ 13 ռիպաունտ), Տարիըս Կարլենտ (15 կէտ եւ 10 էսիսթ), Թայ Ճերոմ (12 կէտ) եւ Մաքս Սթրաս (11 կէտ) լաւ ելոյթ ունեցան: Մայեմիի լաւագոյն մարզիկն էր Պամ Ատեպայօ, որ 34 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Պոսթըն Սելթիքս 128-118 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը: Այս մրցումին հետաքրքրական մրցանիշ մը արձանագրուեցաւ, երբ Սելթիքսէն երկու մարզիկներ` Տերեք Ուայթ եւ Փէյթըն Փրիչըրտ 9-է աւելի 3 կէտնոց յաջող կողովներ նշանակեցին:
Փրիչըրտ 16 փորձերէն 10-ն յաջողցուց` ընդամէնը 43 կէտ նշանակելով, մինչ Ուայթ 17 փորձերէն 9-ն յաջողցուց նպատակին հասցնել` նշանակելով 41 կէտ:
Ճէյլըն Պրաուն 18 կէտ աւելցուց ի նպաստ Պոսթընի, որ 44-րդ յաղթանակը արձանագրեց: Այս Փորթլենտի 35-րդ պարտութիւնն էր:
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 123-115 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տիթրոյիթ Փիսթընզը: Ճէյմս Հարտըն Քլիփըրզի հետ առաջին անգամ ըլլալով 50 կէտ կրցաւ նշանակել: Ան իր ասպարէզին ընթացքին մանաւանդ Հիուսթըն Ռոքեթցի օրերուն 23 անգամ 50 կէտ կամ աւելի կրցած էր նշանակել:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ոաշինկթըն Ուիզըրտծ – Եութա Ճեզ 125-122
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Մայեմի Հիթ 112-107
Չարլոթ Հորնեթց – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 110-125
Պոսթըն Սելթիքս – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 128-118
Միլուոքի Պաքս – Տալաս Մեւրիքս 137-107
Տենվըր Նակեթց – Սաքրամենթօ Քինկզ 116-110
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 103-120
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 123-115


