ՖԻՖԱ-ն յայտարարեց, թէ որոշած է 1 միլիառ ամ. տոլար յատկացնել այս ամառ տեղի ունենալիք ակումբներու մոնտիալին` իբրեւ մրցանակներ:
32 ակումբներէ կազմուած մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու 7 տարբեր դաշտերու վրայ, մասնակցող բոլոր խումբերը պիտի ստանան նիւթական նուէրներ, ոչ հաւասարապէս, այլ ամէն խումբ ըստ իր ցամաքամասին:
2022-ի Քաթարի մոնտիալին մրցանակներու ամբողջական գումարը հասած է 440 միլիոն ամ. տոլարի:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, մասնակցող 32 խումբերը պիտի ստանան մօտ 535 միլիոն եւրօ, մինչ անոնք կրնան 432 միլիոն եւս ստանալ անշուշտ իրենց ձեռք ձգած արդիւնքներուն համեմատ: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, գումարը հաւասարապէս պիտի չբաժնուի ակումբներուն, այլ անոնց ցամաքամասային ֆետերասիոնին համեմատ:
Հաւանական է, որ մեծ մասամբ 12 եւրոպական ակումբներն են, որոնք պիտի օգտուին հասնելով յաջորդ հանգրուան:
Եթէ աւստրիական ակումբ մը 50 միլիոն ամ. տոլար շահի, ատիկա մեծ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ այդ երկրի ախոյեանութեան վրայ:
Հակառակ այս քաջալերական մրցանակներուն, «հարուստ» խումբերը միշտ ալ աւելի կ՛օգտուին:
Եւրոպայի լաւագոյն երկիրներու ախոյեանութիւնները միշտ պայքարի մէջ են, թէ ո՛վ պիտի տիրապետէ: Անգլիոյ մէջ, օրինակ, Մանչեսթըր Սիթի 4-րդ յաջորդական տարեշրջանը ըլլալով կրցած էր ախոյեան դառնալ «Փրեմիեր լիկ»-ին:
2024-էն ի վեր Ռէալ Մատրիտէն, Պարսելոնայէն եւ Աթլեթիքօ Մատրիտէն զատ այլ խումբ մը չէ կրցած շահիլ «Լա լիկա»-ի տիտղոսը:
Եուվենթուս մինչեւ 2020 9 յաջորդական տարիներ ախոյեան դարձած էր «Սերի Ա.»-ի, մինչ Գերմանիոյ մէջ, Պայերն Միւնիխ անգամ մը եւս կ՛ուղղուի «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեան դառնալու, անցեալ տարուան Պայեր Լեւերքուզընի ախոյեանութենէն ետք, որ վերջ դրած էր Պայերնի յաջորդական 11 տիտղոսներուն:
Ֆրանսայի մէջ, Փարիզ Սեն Ժերմեն իր կարգին գրեթէ ախոյեան պիտի դառնայ` շահելով 12-րդ տիտղոսը` վերջին 14 տարիներուն, մինչ Ռետ Պուլ Զալցպուրկ մինչեւ 2024 10 յաջորդական ախոյեանութիւններ շահեցաւ: