Եւրոպայի այժմու լաւագոյն վիճակի մէջ գտնուող երկու ակումբները, Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Լիվըրփուլ, իրար դէմ պիտի մրցին այսօր` Ֆրանսայի մէջ:
«Չեմփիընզ լիկ»-ի այս ճակատումը կը խոստանայ ըլլալ շատ հետաքրքրական, մանաւանդ որ Փարիզի կազմը երկու մրցումներու հաշիւով 10-0 արդիւնքով դուրս ձգած էր Պրեսթը եւ այժմ 22 մրցումներէ անյաղթ է` յաղթելով 19 մրցումներու եւ հաւասարելով միւս 3-ին:
Անյաղթ մրցումներու այս շարքը պահելը կրնայ դժուար ըլլալ Լիվըրփուլի դէմ, մանաւանդ որ Փարիզ Սեն Ժերմեն այս հանգրուանին գծով իր վերջին 8 ելոյթներուն միայն 2 յաղթանակ արձանագրած է… պարտուելով 5 անգամ:
Լիվըրփուլ այս տեսակ մրցանիշներէ ազդուող խումբ չէ, եւ առաջին հանգրուանին 7 յաջորդական մրցումներ յաղթելէ ետք գրաւած էր առաջին դիրքը: Անոնք շաբաթավերջին մրցում ալ չկատարեցին` նկատի ունենալով, որ բաժակի մրցաշարքէն անակնկալ պարտութիւն կրած էին քանի մը շաբաթ առաջ: Փլիմութի դէմ այդ պարտութեան (1-0) Լիվըրփուլ իր վերջին 12 մրցումներուն առաջին անգամ ըլլալով կոլ չէր կրցած նշանակել, մինչ մնացեալ 11-ին առնուազն 2 կոլեր նշանակած էր:
Կարմիրները պիտի փորձեն արձանագրել 6-րդ յաղթանակը` ֆրանսական մրցակիցի մը դէմ 9-րդ ճակատումին:
Փարիզ Սեն Ժերմենի միջնապահ Վիթինիա, որ Պրեսթի դէմ երթին ու դարձին ալ կոլեր նշանակած էր, պիտի փորձէ կոլ նշանակել, մանաւանդ որ երբ ան կոլ նշանակէ, Փարիզ Սեն Ժերմեն անպայման կը յաղթէ:
Պարագան նոյնն է Լիվըրփուլին Լուիս Տիասի հետ, որ 8 մրցումներու ընթացքին կոլեր նշանակած է մրցումներու, որոնց ընթացքին Լիվըրփուլ յաղթած է:
Լիվըրփուլ իր վերջին 11 մրցումներէն 10-ին առնուազն կոլ մը նշանակած է առաջին կիսախաղին:
Գերմանիոյ մէջ, Պայերն Միւնիխ պիտի հիւրընկալէ Պայեր Լեւերքուզընը: 9 մրցումներ անյաղթ մնացած Պայերն Միւնիխ (7 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն) ուրբաթ գիշեր 1-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք կրցած էր 3 կոլ նշանակել Շթութկարթի դէմ:
Այս տարեշրջանին 3-րդ տարբեր մրցաշարքի գծով իրար դէմ պիտի մրցին երկու խումբերը, ուր Պայերն Միւնիխ միայն 1 կոլ կրցած է նշանակել:
Այս հանգրուանին Պայերն Միւնիխ միայն 1 մրցում պարտուած է իր դաշտին վրայ (յաղթելով 9 մրցումներու)` նշանակելով 41 կոլ:
Լեւերքուզըն Եւրոպայի մէջ այդքան ալ լաւ արդիւնք չէ արձանագրած, բայց վերջին 2 տարիներուն շատ լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ «Պունտըսլիկա»-ի մէջ:
Նետերլանտներու մէջ, Ֆեյենուրտ Ռոթերտամ պիտի հիւրընկալէ Ինթեր Միլանը, ժամը 19:45-ին, մինչ օրուան վերջին ելոյթին, Պարսելոնա պիտի ըլլայ հիւրը Պենֆիքայի, Փորթուգալի մէջ:
Անցալ շաբաթ «Չեմփիընզ լիկ»-ի գերհամակարգիչը ամէնէն բարձր յոյսերը տուած է Լիվըրփուլին (19,2 տոկոս): Երկրորդ դիրքի վրայ է Պարսելոնան (14,8 տոկոս), ապա Ինթեր Միլան (14 տոկոս):


