Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Սելթիքս Յաղթեց Լէյքըրզին

March 10, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին, եւ «սպասուած աւարտական»-ի մրցումին Պոսթըն Սելթիքս պարտութեան մատնեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը` 8 յաջորդական յաղթանակներէ ետք:

Լէյքըրզ, որ շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուէր վերջին երկու շաբաթներուն, լաւ սկսաւ մրցումը եւ գրեթէ հաւասար ձեւով քայլ կը պահէր Պոսթընի հետ, որ մինչեւ կիսախաղ 4 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ: Երկրորդ կիսախաղին սկիզբը Պոսթըն հեռացաւ մինչեւ 20 կէտ, բայց Լէյքըրզ վերջին մասին մօտեցաւ, սակայն չկրցաւ հասնիլ Պոսթընին, մանաւանդ որ վերջին 7 վայրկեաններուն Լըպրոն Ճէյմս ոտքի ցաւի պատճառով դուրս եկաւ դաշտէն:

Պոսթըն մեծապէս օգտուեցաւ Ճրու Հոլիտէյի վերադարձէն, մինչ Ճէյսըն Թէյթըմ 40 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սելթիքսի:

Լըպրոն – Տոնչիչ զոյգը լաւ ելոյթ ունեցաւ, սլովենիացին նշանակեց 34 կէտ եւ 8 ռիպաունտ, մինչ Լըպրոն 22 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, իսկ եթէ 1 էսիսթ եւս կատարէր, ան թրիփըլ տապըլ կը նշանակէր:

Պէտք է ըսել, որ Պոսթընի առաւելութիւնը պաշտպանողական խաղաոճի յաջողութիւնն էր, Թէյթըմ իր 40 կէտերուն կողքին 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ճէյլըն Պրաուն (31 կէտ), Ալ Հորֆըրտ (14 կէտ) եւ Տերեք Ուայթ (10 կէտ) եղան Պոսթընի լաւագոյնները:

Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ իր 4-րդ յաջորդական մրցումը յաղթեց` 115-110 արդիւնքով յաղթելով Տիթրոյիթ Փիսթընզին:

Սթեֆ Քըրրի 31 կէտ նշանակեց, մինչ խումբին նորեկ Ճիմի Պաթլըր աւելցուց 26 կէտ եւ 9 ռիպաունտ: Սակայն վեթերան Տրէյմընտ Կրին ինք էր, որ Ուորիըրզը առաջնորդեց յաղթանակի` նշանակելով կարեւոր 3 կէտնոց կողով մը, մրցումի աւարտէն 35 երկվայրկեան առաջ 110-108 արդիւնքով յառաջանալով:

Ապա Քըրրի 4 յաջող ազատ հարուածներով առիթ չտուաւ Տիթրոյիթին, որ վերադառնայ. Ուորիըրզ բարելաւեց իր դիրքը Արեւմտեան շրջանի դասաւորման մէջ` 36 յաղթանակով:

Այլ մրցումի մը, Փաուլօ Պանչերօ 29 կէտ նշանակեց ի նպաստ Օրլանտօ Մեճիքի, որ պարտութեան մատնեց վերջերս լաւ մրցումներ ունեցող Միլուոքի Պաքսը` 111-109 արդիւնքով, ուր Եաննիս Անթեթոքումփօ 37 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պաքսի:

Աթլանթայի մէջ Թրէյ Եանկի 36 կէտերը օգնեցին, որ Հոքս պարտութեան մատնէ Ինտիանա Փէյսըրզը` 120-118 արդիւնքով:

Հիուսթընի մէջ Տիլըն Պրուքս 27 կէտ նշանակեց եւ Ալփերեն Շենկիւն աւելցուց 20 կէտ ի նպաստ Ռոքեթցի, որ մեծ յաղթանակ արձանագրեց Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի դէմ` 146-117 արդիւնքով:

Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները.

Չարլոթ Հորնեթց – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 117-118
Տալաս Մեւրիքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ 111-122
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Եութա Ճեզ 118-109
Մայեմի Հիթ – Մինեսոթա Թիմպըրվոլվզ 104-106
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 107-89
Տենվըր Նակեթց – Ֆինիքս Սանզ 149-141
Սաքրամենթօ Քինկզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 127-109
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Նիւ Եորք Նիքս 105-95

ԵՐԷԿ

Չարլոթ Հորնեթց – Պրուքլին Նեթց 105-102
Հիուսթըն Ռոքեթց – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 146-117
Աթլանթա Հոքս – Ինտիանա Փէյսըրզ 120-118
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 117-118
Մայեմի Հիթ – Շիքակօ Պուլզ 109-114
Միլուոքի Պաքս – Օրլանտօ Մեճիք 109-111
Պոսթըն Սելթիքս – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 111-101
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 115-110

 

 

Նախորդը

Պարզւում Է` Գրքերս Ու Մտաւոր Առողջութիւնը Փոխկապակցուած Են

Յաջորդը

Ճատրակ. «Այրոֆլոթ Օփըն 2025» Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ

September 15, 2026
Հեծելարշաւ.  «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ
Մարզական

Հեծելարշաւ. «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ

September 15, 2026
«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց
Մարզական

«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.