Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Յաղթեց Աթլեթիքոյին. Արսենալ 7 Կոլեր Նշանակեց Այնտհովընի Մէջ

March 6, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/8-րդ հանգրուանի առաջին օրուան մրցումներուն, անցեալ տարուան տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր դրացի-թշնամի Աթլեթիքօ Մատրիտը:

Ռոտրիկօ (4-րդ վայրկեանին) եւ Պրահիմ Տիաս (55-րդ վայրկեան) նշանակեցին Ռէալի 2 կոլերը, իսկ Խուլիան Ալվարես 32-րդ վայրկեանին նշանակած էր Աթլեթիքոյի միակ կոլը: Աթլեթիքօ ամբողջ մրցումին բացի իր միակ կոլէն մասնաւոր վտանգ չհանդիսացաւ Ռէալի բերդին եւ բաւականացաւ պաշտպանուելով: Ռէալ Մատրիտ իր կարգին շատ լաւ ելոյթ չունեցաւ` նկատի ունենալով, որ Էմպափէ-Վինիսիուս զոյգը իրենց լաւագոյն օրերուն մէջ չէին: «Կար կարեւոր պահ մը, ուր Էմպափէ եւ Վինիսիուս կոլ նշանակելու կարելիութիւն ունէին, եւ մենք կրնայինք շատ աւելի ինքնավստահ մասնակցիլ դարձի մրցումին, եթէ արդիւնքը 3-1 աւարտէր: Կը կարծեմ, որ մեծ դեր ունէր խումբին յոգնած վիճակը: Այժմ ժամանակ ունինք դարձի մրցումին պատրաստուելու: Ինչ կը վերաբերի Էմպափէ-Վինիսիուսի խաղին… (ժպտալով) Աթլեթիքոյի պաշտպանները դիմակալելը այդքան ալ դիւրին չէ: Երկուքն ալ լաւ պայքարեցան, թէեւ չցուցադրեցին իրենց սովորական մակարդակը: Բայց դարձի մրցում ունինք տակաւին», ըսաւ Ռէալի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի:

Աթլեթիքոյի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ ըսաւ. «Մենք կրցանք վերահսկել խաղին: Կանուխ կոլ ստանալէ ետք շատ լաւ մենք մեզ գտանք… հարուածը կրնար շատ աւելի գէշ ազդել, բայց խումբը շատ լաւ պատասխանեց: Փորձեցինք խաղալ այնպէս, ինչպէս կը ցանկայինք: Մենք ունեցանք մեր պահերը»:

Այնտհովընի մէջ, Արսենալ կրցաւ 7-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնել ՓՍՎ Այնտհովընը:

Նոյնիսկ առանց յարձակողական մարզիկներ Կապրիէլ Ժեսուսի, Քայ Հավերցի, Կապրիէլ Մարթինելլիի եւ Պուքայօ Սաքայի, Արսենալ բնաւ դժուարութիւն չունեցաւ կոլեր նշանակելու:

Թիմպըր, Նուաների, Մերինօ, Օտըկաարտ (2), Թրոսար եւ Քալաֆիորի նշանակեցին Արսենալի կոլերը: Նոա Լանկ նշանակեց Այնհովընի միակ կոլը` փենալթիով:

Տորթմունտ Գերմանիոյ մէջ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Լիլի հետ, Ատեյեմի (Տորթմունտ) եւ Հարալտսոն (Լիլ) նշանակեցին մրցումի երկու կոլերը: Պելճիքայի մէջ, Ֆ. Ք. Պրիւժ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Ասթոն Վիլայէն: Պէյլի, Միքելէ (սխալմամբ իր բերդին մէջ) եւ Ասենսիօ նշանակեցին անգլիական խումբին կոլերը, մինչ Տը Քույփըր` Պրիւժի միակ կոլը:

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ճէյմս 50 Հազար Կէտերու Սահմանը Կտրեց Եւ Լէյքըրզ Յաղթեց

Յաջորդը

Քայրի Ըրվինկ Մինչեւ Տարեշրջանի Աւարտը` Վիրաւոր

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.