Խրուաթիոյ Օսիեք ակումբի յետսապահ Ստեփան Մկրտչեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ազգային խումբ` մասնակցելու համար Ազգերու լիկայի փլէյ օֆի առաջին հանգրուանի մրցումներուն գծով ճակատումի մը` Վրաստանի դէմ:
Հայաստանի ազգային խումբը 20 մարտին Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Վրաստանը, իսկ 23 մարտին տեղի պիտի ունենայ դարձի մրցումը Թիֆլիսի մէջ: Մկրտչեան վերջին անգամ 2024-ի յունիսին հրաւիրուած էր ազգային խումբ` Ղազախստանի դէմ բարեկամական մրցումին:
Լոքոմոթիւ Մոսկուայի մարզիկներ Նայիր Տիքնիզեան եւ Էտկար Սեւիքեան, ինչպէս նաեւ Ռուպինի միջնապահ Ուկոչուքվու Իվու նոյնպէս հրաւիրուեցան: Կրասնոտարի խմբապետ Էդուարդ Սփերձեան վիրաւոր ըլլալուն պատճառով պիտի բացակայի այս մրցումներէն:


